Անցեալ ամիս Քալիֆորնիոյ Գերագոյն դատարանի դատաւոր Ուիլեըմ Ս. Ռայըն բեկանեց նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի մերժումը՝ Համբիկ Սասունեանը բանտէն ազատ արձակելու մասին Ներման հարցերով յանձնախումբի որոշումը վաւերացնելու գծով։ Ես սխալ պատկերացում ունէի, որ ներման մասին նահանգապետին որոշումը վերջնական է եւ դատարաններու կողմէ վերանայման կամ փոփոխման ենթակայ չէ: Կը պարզուի, որ ըստ օրէնքի պահանջի, նահանգապետը կը դիտարկէ «բոլոր առկայ պատշաճ, հաւաստի տեղեկութիւնները», եւ թէ անոր որոշումները՝ ժամանակէն առաջ ազատ արձակելու մասին, պէտք չէ ըլլան կամայական կամ քմահաճ: Այս յօդուածը գրուած է դատաւորին 19 էջնոց վճիռի պատճէնին հիման վրայ։
Տողերուս հեղինակին հետ արիւնակցական կապ չունեցող Համբիկ Սասունեանը 29 Յունիս 1984ին մեղաւոր ճանչցուեցաւ առաջին աստիճանի սպանութեան մէջ եւ դատապարտուեցաւ ցմահ ազատազրկման՝ առանց վաղաժամկէտ ազատման կարելիութեան, սակայն, 2002ին անոր դէմ վճիռը փոխուեցաւ 25 տարիէն մինչեւ ցմահ ազատազրկում, ինչ որ անոր շնորհեց աւելի կանուխ ազատ արձակուելու իրաւունք։ Սասունեան Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Քեմալ Արիքանը սպաննած է Լոս Անճելըսի մէջ, 28 Յունուար 1982ին, երբ ինք տակաւին 19 տարեկան էր։ Սասունեան ներկայիս 58 տարեկան է:
27 Դեկտեմբեր 2019ին, Ներման հարցերով յանձնախումբը գտաւ, որ Սասունեան կը բաւարարէ վաղաժամկէտ ազատման պահանջները: Այսուամենայնիւ, 25 Մայիս 2020ին նահանգապետ Նիւսըմ մերժեց Յանձնախումբին որոշումը՝ հիմնուելով բանտարկեալին գործած յանցանքի վրայ, այլեւ «ընդարձակեց քաղաքական կարեւորութիւնը» արարքին եւ «համեմատաբար նոր» համարեց Սասունեանի գիտակցումը՝ իր գործած յանցանքին։
14 Օգոստոս 2020ին Սասունեան միջնորդութեան դիմում ներկայացուց Գերագոյն դատարան՝ վիճարկելով նահանգապետին կողմէ Ներման յանձնախումբի որոշումը չեղեալ համարելու փաստը։ Ան պնդեց, որ նահանգապետին որոշումը չի հաստատուիր ապացոյցներով յատկապէս այն մասին, որ եթէ ինք ազատ արձակուի, կրնայ վտանգ ներկայացնել հանրութեան համար: Սասունեան նաեւ պնդեց, որ «նահանգապետը կիրարկած է՝ վաղաժամկէտ ազատման պատշաճութեան անօրինականօրէն բարձրացուած չափանիշ՝ ապօրինաբար հիմնուելով բանտարկեալին կողմէ կատարուած յանցագործութեան հանգամանքներուն վրայ»: Իր պնդումին մէջ ան կը հաստատէ, որ ոչ մէկ փաստ կայ, որ իր քով կը բացակայի «մեղքի գիտակցումը», եւ թէ՝ «նահանգապետի եզրակացութիւնը այն մասին, որ Սասունեան «բաւական երկար ժամանակ» չէ ցուցաբերած մեղքի գիտակցում՝ անօրինական պատճառ կը հանդիսանայ իր վաղաժամկէտ ազատումը մերժելու համար»:
7 Հոկտեմբեր 2020ին դատարանը հրահանգեց հիմնաւորել գործը: Նահանգապետարանը 11 Յունուար 2021ին ներկայացուց իր պատասխանը՝ կրկնելով բանտարկեալին վաղաժամկէտ ազատման մերժման պատճառները: Այնուհետեւ, 26 Յունուար 2021ին, Սասունեան ներկայացուց իր պատասխանը, որով ան մերժեց նահանգապետին կողմէ իր դէմ եղած պնդումները:
Դատաւոր Ռայընի որոշումով, Սասունեանի դատը չի բովանդակեր որեւէ ապացոյց՝ հիմնաւորելու համար նահանգապետին այն պնդումը, թէ Սասունեան վաղաժամկէտ ազատման իրաւունք չունի: Աւելին, դատաւորը գտաւ, որ նահանգապետը սխալ չափանիշներ օգտագործած է՝ հաշուի առնելով՝ ինչպէս Սասունեանի յանցանքին «կարեւորութիւնը», այնպէս ալ՝ անոր զոհին յայտնի մարդ ըլլալը, ինչպէս նաեւ Սասունեանի մեղքի գիտակցման հանգամանքին նոր ըլլալը: Առ այդ, դատաւորը հրամայեց Սասունեանը ազատ արձակել բանտէն:
Դատաւոր Ռայըն դատավճիռի ընթացքին անդրադարձաւ Սասունեանի՝ ինքնիր ծագման մասին ըրած նկարագրութեան՝ իբրեւ « հայ մը, որ ծնած եւ մինչեւ 13 տարեկան ապրած է Լիբանան։ Այս տարիներուն ինք եւ ընտանիքը ապրած են «աշխուժ ռազմական գործողութիւններու գօտիին մէջ եւ պարբերաբար տեսած են դիակներ», անոնց շարքին՝ կիներ եւ մանուկներ։ Հայրը հարբեցող էր, որ յաճախ շաբաթներով կը բացակայէր տունէն, սակայն հայցուորը (Սասունեան) լաւ, ջերմ յարաբերութիւններ ունէր մօրը հետ։ Կ՛ապրէր իր մեծաթիւ եղբայրներու ու քոյրերու հետ եւ բազմանդամ ընտանիքի անդամներուն հետ, ներառեալ մեծ մայրը եւ մեծ հայրը, որոնք «Հայոց Ցեղասպանութեան» վերապրողներէն էին։ Մեծ մայրը յաճախ պատմած է իրեն, թէ ինչպէ՛ս Ցեղասպանութեան ժամանակ կորսնցուցած էր իր ամբողջ ընտանիքը եւ թէ ինչպէս միայն ինք հազիւ կրցած էր փրկուիլ կոտորածէն»:
Շարունակելով, դատաւորը աւելցուց. «13 տարեկան էր երբ (Սասունեան) ընտանիքը ներգաղթեց Միացեալ Նահանգներ՝ Լիբանանի բռնութիւններէն խուսափելու համար, բայց ընտանեկան վիճակը շարունակեց մնալ ծանր: Անոնք հաստատուեցան Փասատինա, ուր մեծ թիւով հայեր կ՛ապրէին: Համբիկը միացաւ հայ սկաուտներուն եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան։ Հոս ալ ծանօթացաւ իր յանցանքի ընկերոջ՝ Գրիգոր «Գօգօ» Սալիպային։ Անոնք ընկերացան յանցագործութենէն մէկ-երկու տարի առաջ եւ միշտ քննարկեցին Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ քաղաքականութեան եւ պատմութեան հարցերը, ներառեալ՝ Ցեղասպանութիւնը: Անոնք նաեւ ուշադրութիւն դարձուցին եւ յաճախ միասին քննարկեցին, որ այդ տարիներուն «շատ քաղաքական սպաննութիւններ եղած են»: Այսինքն, «հայերը Եւրոպայի մէջ կը սպաննէին թուրք դիւանագէտներ յատկապէս անոր համար, որ զայրացած էին, քանի որ․․․ Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիա հերքած էր իր գործած Ցեղասպանութիւնը․․․: Հայ երիտասարդները սրտնեղած էին այս իրողութենէն եւ կը կարծեն, որ Թուրքիա պէտք է քայլ մը առնէ եւ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը․․․ եւ երկխօսութեան նստի հայ ժողովուրդին հետ կամ հաշտութիւն կնքէ անոր հետ»: Բայց քանի որ Թուրքիա նման քայլ չէր առներ, «հայ երիտասարդները որոշեցին դիմել բռնութեան....: (Անոնք) յոյս չունէին, որ… Թուրքիոյ հետ խաղաղ երկխօսութիւն կրնայ ըլլալ»։ Այս ընթացքին հայցուորը (Սասունեան) եւ անոր յանցակիցը, որ հայցուորէն քանի մը տարիով մեծ էր, կը քննարկէին Եւրոպա երթալ եւ իրականացնել այնպիսի սպանութիւն մը, որ կը տեսնէին, թէ իրենցմէ հեռու ինչպէս տեղի կ՛ունենար: Սակայն, այդ օրերուն էր, որ Արիքան հանդէս եկաւ հրապարակային ելոյթով մը՝ հայերը կոչելով «ստախօսներ» եւ յայտարարեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւն չէ եղած։ Սալիպա հայցուորին ցոյց կու տայ Արիքանի յայտարարութեան մասին յօդուածը։ «Ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու թոռներ՝ մենք այդ համարեցինք շատ վիրաւորական: Մենք խիստ վիրաւորուեցանք ատկէ»։
Դատաւոր Ռայըն վճռեց, որ «դատին մեջ ոչ մէկ ապացոյց կայ, պաշտպանելու համար նահանգապետի կողմէ մեղքի գիտակցման պակասի բացայայտումը, բան մը, որ կարենայ վկայել, թէ 40 տարուան վաղեմութիւն ունեցող յանցագործութիւնը կը փաստէ, թէ դիմում տուողը այսօր եւս վտանգաւոր կը համարուի հանրութեան համար»:
Դատաւորը վիճարկեց նահանգապետին այն պնդումը, որ Սասունեանի կողմէ իր յանցագործութեան մասին մեղքի գիտակցումը «միայն վերջերս» տեղի ունեցած է: Դատաւոր Ռայըն յայտարարեց, որ «դատական գործընթացը կը սահմանէ, թէ գոյութիւն չունի կանխորոշուած ժամանակահատուած, որուն ընթացքին բանտարկեալը պէտք է ցուցադրէ կամ ունենայ մեղքի գիտակցում, որպէսզի այդ մէկը բաւարար ըլլայ պիտանիութեան նպատակով»: Դատաւորը վճռեց, որ «գիտակցման չափանիշը, զոր նահանգապետը օգտագործած է իր որոշումը կայացնելու համար, սխալ էր․․․ եւ Սասունեանի համար ան սահմանած էր այլ «կամայական» չափանիշ»։
Ինչ կը վերաբերի Սասունեանի՝ հասարակութեան համար վտանգ ներկայացնելու հարցին, «դատարանը կը նշէ՝ հոգեբանը գտաւ, որ հայցուոր Սասունեան ազատ արձակուելէ ետք, բռնութեան քիչ վտանգ պիտի ներկայացնէ», գրած է դատաւորը: «Հայցուորը ներողութիւն խնդրելու նամակ գրած է Արիքանի ընտանիքին, ընկերներուն եւ գործընկերներուն, ինչպէս նաեւ նամակ մը՝ «Թուրքիոյ ժողովուրդին, Թուրքիոյ կառավարութեան եւ աշխարհի թրքական համայնքներուն», աւելցուց դատաւոր Ռայըն։ «Դատարանը գտաւ, որ նահանգապետին որոշումը «կամայական էր եւ ընթացակարգի առումով թերի», վճռեց ան եւ նշեց, որ Սասունեան «ազատ արձակման համապարփակ ծրագիրներ ունի ինչպէս Միացեալ Նահանգներու, այնպէս ալ Հայաստանի համար»: Ասիկա կը վերաբերի Սասունեանի այն յայտարարութեան, որ բանտէն արձակուելէ ետք ինք կրնայ Հայաստան տեղափոխուիլ:
Վերջաւորութեան դատաւորը յայտարարեց, որ Սասունեան «սպանութիւն կատարած է, որուն համար պատշաճ կերպով պատժուած է...: Նահանգապետին որոշումը չեղեալ կը համարուի, մինչ Ներման հարցերով յանձնախումբի 27 Դեկտեմբեր 2019ին վաղաժամկէտ ազատման շնորհումը կը վերականգնի: Յանձնախումբին կը յանձնարարուի «շարունակել վաղաժամկէտ ազատման իր սովորական ընթացակարգերը, եթէ որոշումը ընդունուելէն ետք 30 օրուան ընթացքին Յանձնախումբը բարեխղճօրէն չհաստատէ, որ վաղաժամկէտ ազատման վերացման պատճառ կայ եւ այդ գծով նախաձեռնէ համապատասխան վարոյթ` հարցը պարզելու համար»։ Նահանգապետ Նիւսըմ որոշեց չբողոքել դատաւորի վճիռին դէմ՝ թոյլ տալով, որ ուժի մէջ մտնէ ներումը, որով Սասունեան շուտով ազատ կ՛արձակուի։
Իմ կարծիքով, բռնութիւնը երբեք արդարացուած չէ՝ անկախ պատճառէն: Գլխաւոր հիւպատոս Արիքանը մեղաւոր չէր հայ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած Ցեղասպանութեան մէջ: Ան նոյնիսկ ծնած չէր Ցեղասպանութեան տարիներուն։ Հայերը պահանջներ ունին Թուրքիոյ կառավարութենէն, այլ ոչ թէ անհատ թուրքերէ: Սասունեան յանցանք գործած է, որուն համար պատժուած է գրեթէ 40 տարուան բանտարկութեամբ։ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Սասունեանի ազատ արձակման մասին բողոքները համոզիչ չեն։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ճնշում գործադրած է Ամերիկայի Դաշնակցային կառավարութեան վրայ՝ 2020ին յորդորելով նահանգապետ Նիւսըմը, իսկ նախապէս՝ 2017ին, նահանգապետ Պրաունը, որ մերժեն Ներման յանձնախումբին՝ Սասունեանը ազատ արձակելու որոշումները։ Առաւել եւս համոզիչ չեն, չըսելու համար, որ բոլորովին ամօթալի են Ատրպէյճանի կառավարութեան բողոքները ընդդէմ Սասունեանի ազատ արձակման: Ատրպէյճան հերոսացուց մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը՝ հայ սպան իր քունին մէջ կացնահարած յանցագործը։ Հունգարիայէն արտայանձնուելէ ետք, Սաֆարով Ատրպէյճանի մէջ ոչ մէկ օր բանտ մնացած է։
Վերջապէս, միանգամայն անընդունելի է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը չափազանց մեծ պատիժ պահանջէր թուրք մը սպաննած հայուն համար, մինչդեռ Թուրքիա ինք կը շարունակէ հերքել 1.5 միլիոն անմեղ հայերու զանգուածային սպաննութիւնը: Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պատշաճ ձեւով հատուցում կատարէ, միայն այն ատեն հայերը կրնան քննարկել՝ մէկ թուրքի սպաննութեան համար ներողութիւն խնդրելու հարցը․․․
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
http://www.TheCaliforniaCourier.com
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան