image

Ինչու նախագահ Պաշշար Ասատի Իրան այցելութիւնը զուրկ էր արարողակարգէ. «Ալ-Ախպար» պարբերականը բացած է փակագծերը

Ինչու նախագահ Պաշշար Ասատի Իրան այցելութիւնը զուրկ էր արարողակարգէ. «Ալ-Ախպար» պարբերականը բացած է փակագծերը

Լիբանանեան «Ալ-Ախպար» պարբերականը ուշագրաւ յօդուած մը հրապարակած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի օրեր առաջ Իրան տուած այցելութեան վերաբերեալ:

«Ալ-Ախպար» թերթի աշխատակիցներէն Հատի Ահմատ մասնաւորապէս գրած է, որ Ասատի այցելութիւնը տեղի ունեցած է խիստ գաղտնի պայմաններու տակ:

Ան նաեւ նկատել տուած է, որ այցը զուրկ եղած է փրոթոքոլային ընթացիկ արարողակարգերէ, ինչպէս՝ լրագրողներու մեծ թիւի մսնակցութիւն, կարմիր գորգի փռում, սուրիական դրօշակի ծածանում կամ նոյնիսկ իրանեան պահակագունդի կողմէ արարողային ներկայութիւն:

Ըստ թերթի վերլուծաբանին, Ասատի այս այցելութիւնը եղած է խիստ գաղտնի պայմաններու տակ, սուրիական կողմի փափաքով եւ նոյնիսկ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի Ասատի Թեհրան ժամանումէն միայն մէկ ժամ անց իմացած է, որ Ասատ կարճատեւ այց մը պիտի տայ Թեհրան եւ այցի տեւողութիւնը չէ գերազանցած կէս օրը: