image

Ինչքան գումար կը ծախսեն Լիբանանցի քաղաքական գործիչներ իրենց անվտանգութիւնը ապահովելու համար. «Շարք Ալ-Աուսաթ»ի զգայացունց տեղեկութիւնները

Ինչքան գումար կը ծախսեն Լիբանանցի քաղաքական գործիչներ իրենց անվտանգութիւնը ապահովելու համար. «Շարք Ալ-Աուսաթ»ի զգայացունց տեղեկութիւնները

Մեծն Բրիտանիա հրատարակուող «Շարք Ալ-Աուսաթ» պարբերականը իւրայատուկ նիւթ մը հրապարակած է, որուն մէջ մանրամասնութիւններ տրուած են, թէ լիբանանցի քաղաքական գործիչները տարեկան կտրուածքով ինչքան գումար կը մսխեն ապահովելու համար իրենց անվտանգութիւնը:

Ըստ նախնական տուեալներու, լիբանանցի քաղաքական գործիչներու իրենց անվտնագութեան վրայ ծախսած գումարը կը հասնի 40 միլիոն տոլարի, բան մը, որ այդ փոքր երկրին համար կը համարուի մեծ գումար մը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ մեծ թիւով զինուորականներ, ինչպէս նաեւ ապահովական ոլորտի գործիչներ ներգրաւուած են լիբանանցի քաղաքական գործիչներու անվտանգութիւնը ապահովելու գործին մէջ:

Այսպէս, 1200 զինուոր ներգրաւուած է՝ ընդհանուր ապահովութեան, 1500 զինուորական՝ նախագահական պալատի անվտանգութեան, 450 ոստիկան՝ Խորհրդարանի անվտանգութեան, 600 զինուոր եւ ոստիկան՝ վարչապետարանի անվտանգութեան եւ ապահովութեան համար:

Յիշեցնենք, որ առաջին անգամը չէ, որ այս տիպի խօսակցութիւններ շրջանառութեան մէջ կը դրուին եւ Լիբանանեան մէկէ աւելի քաղաքացիական աքթիւիսթներ անվտանգութեան վրայ ծախսուած գումարը կը համարեն երկրին մէջ գլուխ ցցած կաշառակերութեան սուր երեւոյթէն մաս մը: