«Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ գերի բռնուած լիբանանցի զինուորներուն ճակատագիրը ամենայն հաւանականութեամբ ողբերգական պիտի չըլլայ:
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է լիբանանեան բանակի մօտիկ կանգնող աղբիւրներ:
Ըստ աղբիւրներուն «Տահէշ» կազմակերպութեան կողմէ բանակայիններուն մասին տարածած լուրերն ու տեսանիւթերը միայն յուսահատեցնելու համար են: Այս տեղեկութիւնները մեծ յոյս տուած են գերեվարուած լիբանանցի զինուորներու ծնողներուն, որ իրենց զաւակները պիտի վերադառնան:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակն ու «Հըզպալլա»ն տակաւին բանակցութիւններ չեն սկսած «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման հետ:
«Հըզպալլա» կազմակերպութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն մին ըսած է. ««Տահէշ» կազմակերպութեան Արսէլ քաղաքէն քաշուիլէն ետք միայն պիտի պատրաստուինք «Տահէշ»ին հետ բանակցիլ»: