Հալէպի մասին տեղեկութիւններ փոխանցող ֆէյսպուքեան էջը զարմանք կը յայտնէ Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի հայ մարզիկ Մարտիկ Մարտիկեանի հանդէպ ցուցաբերուած անտեսման համար: «Ինչո՞ւ սուրիական լրատուամիջոցները անտեսեցին, սուրիական կոլերու «ստեղծող» խաղացող Մարտիկ Մարտիկեանի դերը՝ Սուրիոյ հաւաքականը պարտութենէ փրկելու մէջ»,-գրած է, աւելցնելով, որ « առանց անոր, Սուրիոյ հաւաքականի երազի պիտի կործանուէր, սակայն մետիան միայն 4 անուներով հետաքրքրուեցաւ՝ Խարիպին, Սոմա, Ալ-Խաթիպ եւ Ալիմէ»:
Ան առ ի յիշեցում ընդգծած է, որ ֆութպոլիսթ Մարտիկ Մարտիկեանը դժուար պահերուն կոլեր կերտող մարզիկ է նշելով, որ առանց անոր նախապատրաստական խաղին, Սուրիոյ հաւաքականի յաղթանակը իրականութիւն պիտի չդառնար:
Աղբիւրը նաեւ կը յիշատակէ Սուրիա-Իրան խաղը, երբ խաղի աւարտին Մարտիկեան (Լաթաքիոյ բնակիչ) խաղի վերջին վայրկեաններուն յաջողած է գնդակը բարեյաջող կերպով ուղարկել իր ընկերոջ, որն իր կարգին նշանակած էՍուրիոյ հաւասարութեան կոլը: Իսկ Աւստրալիոյ հետ խաղի ժամանակ, ան դարձեալ վերջին վայրկեաններուն դաշտ իջնելով, ապահոված էր Սուրիոյ հաւաքականի տուգանային հարուածը, որ նշանակեց Ումար Սոման եւ Սուրիոյ Ազգային հաւաքականը 1-1 հաւասար արդիւնքով աւարտեց Աւստրալիոյ դէմ եղած հանդիպումը:
Գրութեան աւարտին էջը իր հետեւորդներուն կոչ կ'ընէ մասնակցիլ Մարտիկ Մարտիկեանին համար լրատուական քարոզարշաւին, տարածելով այս գրառումը: