Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եղբօր՝ Մահէր Ասատին օրերս նոր պաշտօն վստահուած է: Այս մասին լուրը տուած է «Ալ Ժատիտ» կայանը: Աղբիւրը կը հաղորդէ, թէ Ասատ, որ մինչեւ վերջերս կը վարէր բանակի 42-րդ վաշտի առաջնորդի պաշտօնը ստանձնած է աւելի բարձր եւ կարեւոր պաշտօն մը դառնալով Սուրիոյ բանակի 4–րդ զօրագունդի ընդհանուր հրամանատար:
Ըստ աղբիւրին այս փոփոխութիւնը եւ Մահէր Ասատի պաշտօնին բարձրացումը կապ ունի վերջին շրջանին անոր ցուցաբերած մարտական բարձր կարգի գործունէութեան համար: