image

Հըզպալլայի Զինեալներու 3 Դիակ՝ Քաթարցիներու Ազատ Արձակման Փոխարէն

Հըզպալլայի Զինեալներու 3 Դիակ՝ Քաթարցիներու Ազատ Արձակման Փոխարէն

Հըզպալլա - («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Իրաքեան իրազեկ աղբիւր մը յայտնած է, որ Իրաքի մէջ քաթարցիներուն առեւագողները առաջարկած են անոնց փոխանակումը, «Հըզպալլա»ի պատկանող` «Տահէշ»ի մօտ գտնուող երեք դիակներու հետ: Այս մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ «Շարք ալ-Աուսաթ», նշելով, որ առեւանգողները նախապէս «մաս կազմած են Ապու Ալ-ֆատլ Ալ-Ապպասի խումբին, որու անդամները Ասատի ռէժիմի օժանդակութեամբ, աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած էին Սուրիոյ մէջ, շիհիթ կեդրոնները պաշտպանելու պատրուակով»: «Շարք Ալ-Աուսաթ» նաեւ կը նշէ, որ առեւանգող կողմը քաթարցի առեւանգեալները յանձնած է «իրաքի Հըզպալլայի ջոկատներուն», որ ենթակայ է լիբանանեան «Հըզպալլա»ին: Աղբիւրը մանրամասնելով՝ ընդգծած է, որ առեւանգողները բանակցութիւններու մէջ բացարձակ գաղտնապահութեան պայման դրած են, եւ Քուէյթի դեսպանին լիազօրած են զբաղուելու այս հարցով:

Աղբիւրի համաձայն, բանակցութիւնները կը դառնան «Տահէշ»ի մօտ գտնուող «Հըզպալլա»ի 9 անդամներուն շուրջ, որոնց դիմաց, «Հըզպալլա» առեւանգողներուն պիտի համոզէ ազատ արձակել քաթարցիները: Հակառակ անոր, որ «Տահէշ» նախապէս տեսանիւթ մը արձակած էր, ուր կը ցուցադրուէր «Հըզպալլա»ի նշեալ 9 անդամներէն 3-ին սպանութեան պատկերը, այնուամենայնիւ «Հըզպալլա» պահանջած է նաեւ այդ երեքի դիակերը: