Լիբանանեան ռազմական աղբիւր մը խօսելով «Ալ Հայաթ» թերթին ըսած է, որ Արսէլի պատերազմի հետ կապուած տարաձայնութիւնները իրաւացի չեն, սակայն առաջացուցած են հոգեկան խռովութիւն: Այսուամենայնիւ իրականութիւնը այն է, որ պատերազմի պատրաստութիւններ տեղի կ’ունենան եւ «Հըզպալլա»ն բանակցութիւններու առիթ կու տայ, տարածաշրջանը հաւանական պատերազմէ հեռու պահելու համար:
Կարգ մը աղբիւրներ կը համարեն, որ «Հըզպալլա»ի այս քայլը կը նուաստացնէ լիբանանեան զօրքին արժէքը, իսկ ուրիշներ կը նշեն, որ Արսէլի կռիւը՝ «Հըզպալլա»ի նախաձեռնութեամբ, անհաւանական է: Ըստ նոյն աղբիւրին ռազմական գործողութիւնները պիտի ղեկավարուին «Հըզպալլա»ի կողմէ եւ այդ պատերազմին պիտի մասնակցի սուրիական բանակը: Լիբանանեան զօրքի նշանակէտը պիտի հանդիսանայ պաշտպանել Լիբանանի արեւելեան սահմանը, առիթ չտալով ահաբեկիչներուն , որ փախչին Արսէլէն եւ պատանդ վերցնեն Մալահի շրջանի գաղթակայանը, սուրիացի գաղթականները մատնելով բաւական դժուար կացութեան: Վերոյիշեալ գաղթակայանին մէջ կ’ապրին 11 000 գաղթականներ: Վերջին բանակցութիւններէն ետք, որոնց մասնակցած էր նաեւ «Հըզպալլա»ն , անոնցմէ Սուրիա վերադարձան 262-ը:
«Տահէշ» ի եւ «Ժապհաթ ալ Նուսրա»ի դիրքերն ու քանակը յայտնաբերելէն յետոյ, ռազմական աղբիւրը շեշտած է, որ լիբանանեան զօրքի առաջնահերթութիւնը գաղթակայանը պաշտպանելն է: Ռազմական աղբիւրը նշած է, թէ մեծ հաւանականութիւն կայ որ «Տահէշ»ի զինեալները նոյնիսկ անձնասպան ըլլան կռիւի ընթացքին, երբ գերի բռնուելու վտանգ առաջանայ: Եւ վերջապէս, աղբիւրը եւս կը շեշտէ թէ զօրքը նախազգուշական բոլոր միջոցները ապահոված է արեւելեան ճակատամարտի վրայ: