image

«Հըզպալլա» կը զգուշացնէ Իսրայէլը

«Հըզպալլա» կը զգուշացնէ Իսրայէլը

Նապաթիէի մէջ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի տարեդարձին առիթով տեղի ունեցած տօնակատարութեան ժամանակ պատգամաւոր Մուհամմատ Ռաատ յայտնած է, թէ Իսրայէլ ներկայիս մտահոգ է հիւսիսային եւ արեւելեան ճակատներու ընդլայնումէն, եւ ան պատասխան պիտի տայ Սուրիա-Իրան-«Հըզպալլա» ճակատին դէմ հիւսած իր դաւերուն համար, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Ռաատ շեշտած է, որ տարածաշրջանի երկիրներուն համար Իսրայէլի դէմ պարտութիւններու ժամանակաշրջանը անցած է, միաժամանակ կոչ ուղղելով արաբական երկիրներուն հետեւելու Իրանի յեղափոխութեան օրինակին, եւ անկէ դասեր քաղելու: