image

Հուսիները թաղած են նախկին նախագահ Սալէհի դիակը

Հուսիները թաղած են նախկին  նախագահ Սալէհի դիակը

Հուսիներու պաշտօնական հեռուստակայանը սփռած է Եէմէնի սպաննուած նախագահ Ալի Ապտ Ալլահ Սալէհի դիակի թաղման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցած է իր ծննդավայր Ալ Ահմար աւանին մէջ:

Ըստ լրատուամիջոցներու փոխանցած տեղեկութիւններուն, Հուսիները միայն 20 անձի արտօնած են ներկայ գտնուիլ թաղման արարողութեան, որոնց թուին էին Սալէհի որդին ու եղբօրորդին: Թաղման ներկայ գտնուած է նաեւ Հուսիներու ղեկավարներէն մին, որ «Ապու Ալ Հաքէմ» կը կոչուի:

Նշենք, որ ըստ Սալէհի կտակին, անոր ցանկութիւնն էր մայրաքաղաք Սանաաի մէջ իր կառուցած Ալ Սալէհ մզկիթին մէջ թաղուիլ, սակայն վերջինիս ցանկութիւնը չկատարուեցաւ: