Սուրիոյ Համա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մարտերու ժամանակ սպաննուած է կովկասեան ջոկատներու գլխաւոր ղեկավարներէն մին՝ Սալահ Ալ Տին Ալ Շիշանի:
Վերջինիս սպանութեան մասին, ըստ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան, յայտնած է «Հըզպալլա»ի ռազմական լրատուամիջոցը, աւելցնելով, որ ան սպաննուած է Համա քաղաքի հիւսիս-արեւմտեան արուարձան Հիլֆայայի մօտ:
Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ պայքար մղող ահաբեկչական միաւորները ամենատարբեր երկիրներու քաղաքացիներէ կազմուած են, այդ թուին նաեւ Կովկասէն ժամանածներ, որոնք անդամակցած են ինչպէս «Իսլամական Պետութիւն», այնպէս եւ այլ ճիհատիստական խմբաւորումներու: