«Անպայման պիտի երթամ Արամ Աթէշեանի ժամանման առթիւ կազմակերպուած բողոքին, պիտի երթանք՝ ես եւ ընտանիքիս բոլոր անդամները»,-ըսաւ Սարգիս Հացպանեան «Արեւելք»ին, յայտնելով, որ սրբազանին կեցուածքը դատապարտելով, ինք եւս կը միանայ այդ նախաձեռնող խումբի կոչին:
«Ան պէտք է գար Պոլիս-Երեւան ուղիղ չուերթով, սակայն պատրիարքարանը յայտարարած է, որ ինք Մոսկուայի ճանապարհով պիտի գայ Հայաստան, իսկ պատճառները ակնյայտ են: Նախ, ան Ռուսիոյ մէջ անձնական գործարարութիւններ ունի, եւ երկրորդ՝ կը փորձէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հարազատ եղբօր՝ Տ. Եզրաս եպիսկոպոսին համոզել, որ միասին ժամանեն Հայաստան: Իսկ բողոքի կայացման վայրի մասին նախաձեռնող խումը յայտնած է, որ ճիշդ չէ, որ Աթէշեանի աղմկոտ դիմաւորումը տեղի ունենայ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, այլ «Զուարթնոց» օդակայանն ամենահարմար վայրն է զինք «դիմաւորելու»: Ինչ կը վերաբերի Մայր Աթոռի դիրքորոշմանը, ապա նշեմ, որ Մայր Աթոռը կը փորձէ մեղմացնել, փափկացնել ու ձեւով մը արդարացնել Արամ Աթէշեանի արարքները: Սակայն ըստ իս, այս հարցը ոչ մէկ արդարացում կրնայ ունենալ, քանի որ Աթէշեան պղծած է ամբողջ հայութեան պատկանող սրբութիւնը, կեղտոտած է է ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, որոնք սրբադասուած են մեր եկեղեցւոյ կողմէ, իսկ այսքան նսեմ ու վիրաւորական կեցուածք ոեւէ մէկը չէ ունեցած է մեր պատմութեան մէջ», - յաւելած է Հացպանեան:
Պատասխանելով մեր հարցին, թէ ի՞նչ զարգացումներ կը սպասէք բողոքի շարժումէն ետք, Հացպանեան պատասխանեց . «Կը կարծեմ, որ Մայր Աթոռի մէջ հարկ է կայանայ գերագոյն խորհրդի ժողով, որ Եպիսկոպոսաց եռօրեայ հոգեւորական ժողով մըն է: Էջմիածինը նախապէս յայտարարած է, որ տուեալ ժողովը պիտի իրականանայ Հռոմի Պապին Հայաստան գալէն առաջ, սակայն հասկնալով, որ Աթէշեանի դէմ բողոքը կրնայ ընդլայնիլ հանրութեան մէջ՝ որոշուեցաւ յետաձգել այդ մինչ Պապի մեկնումը: Հետեւաբար այդ նիստին պէտք է քննարկուի Աթէշեանի փիլոնազուրկ կամ կարգալոյծ ընելու որոշումը, քանի որ անոր գործածը ուղղակի յանցանք է մեր ազգին հանդէպ: Իսկ եթէ ես ըլլայի զայն պատժողը, գիտէ՞ք թէ ինչ կ'ընէի. «Թրանզիթ» ֆիլմի օրինակը կ'իրագործէի, ըստ որուն, Աթէշեան հասնելով Մոսկուայի օդակայան՝ օդակայանի տարածքին մէջ անվերջ թափառելու կը դատապարտէի զինք, որ ան ո՛չ կարենար Պոլիս վերադառնալ, ո՛չ ալ՝ հասնիլ Երեւան, այլ թրանզիթ գօտիէն ներս շրջէր իր ամբողջ կեանքը, եւ այդ կ'ըլլար ամենաարժանաւոր պատիժը», - եզրափակեց Սարգիս Հացպանեան: