image

Հրատապ. Ծառուկեանի կալանաւորման հարցի քննարկումը պիտի շարունակուի

Հրատապ. Ծառուկեանի կալանաւորման հարցի քննարկումը պիտի շարունակուի

ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը դուրս եկաւ դատարանի դահլիճէն, կալանքի միջնորդութեան քննութիւնը յետաձգուեցաւ: Նիստը, պիտի շարունակուի վաղը՝ 18 յունիսին՝ ժամը 16:30-ին։

ԲՀԿ անդամները լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած էին, որ կ'ակնկալեն դատարանի անաչառ որոշումը, հակառակ պարագային կանգ պիտի չառնեն եւ պիտի շարունակեն պայքարը` պահանջելով նաեւ կառավարութեան հրաժարականը:

Մինչ նիստի աւարտը դատարանի բակէն նաեւ բերման ենթարկուեցան շարք մը աջակիցներ: