Իրաւապահները վաղ առաւօտէն կը գտնուին ԲՀԿ առաջնորդ, պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանի Առինջի առանձնատունը: Այս պահին բոլոր ԲՀԿ-ական պատգամաւորները եւս այնտեղ են:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ կը կատարուի խուզարկութիւն, հնարաւոր են ձերբակալութիւնները:
Յիշեցնենք, որ 5 յունիսին կայացած ԲՀԿ քաղաքական խորհուրդի նիստին Գագիկ Ծառուկեանը յայտարարած էր, որ « կառավարութեան հնարաւորութիւն տրուած է, լիարժէք ժամանակ, որ իրենք կարողանային ժողովուրդի սպասելիքները իրականացնէին, այսինքն` իրենց խոստումները, որ տուած էին ժողովուրդին, եւ որուն հիման վրայ իրենք իշխանութիւն դարձան»։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահը հրատապ նիստի ընթացքին յայտարարած է, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքները 100 տոկոսով ձախողած է, եւ որ արմատական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւն կը զգացուի նաեւ հրաժարականներու տեսքով։