image

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի նիւթական օգնութիւնը՝ «Աջակցութիւն սահմանամերձ գիւղերուն» ծրագրի ծիրէն ներս

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի նիւթական օգնութիւնը՝ «Աջակցութիւն սահմանամերձ գիւղերուն» ծրագրի ծիրէն ներս

Հայ oգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի վարչութիւնը, համագործակցելով Հադրութի շրջանի ընկերային բաժինի պատասխանատուին հետ, կազմակերպութեան «Աջակցութիւն սահմանամերձ գիւղերուն» ծրագրի ծիրէն ներս Հադրութի վերաբնակեցուած եւ հեռաւոր բնակավայրերուն մէջ թիւով 3-4 բազմազաւակ ընտանիքներու ցուցաբերեց նիւթական օգնութիւն: Իւրաքանչիւր ընտանիք ստացաւ հագուստ եւ սննդամթերքի տուփ: Հագուստները ուղարկուած էր ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի ընկերուհիներու, պարսկահայ «Թեւանիկ» խումբի եւ Մարօ, Սաթենիկ եւ Յարութիւն Ծաղիկեաններուն կողմէ: Փոխադրամիջոցը տրամադրած էր ԼՂՀ կառավարութիւնը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը: