image

Հինգ նոր շրջաններ անցան Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ

Հինգ  նոր շրջաններ անցան Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ

Սուրիական կառավարական բանակը մարտերու ընթացքին «Ժեպհէթ ալ-Նուսրա» խմբաւորման գրոհայիններէն հինգ բնակավայր ազատագրած է Իտլիպի նահանգի հետ սահմանին:

Ինչպէս կը հաղորդէ արաբական մամուլը, կառավարական ուժերը վերահսկողութիւն հաստատած են Իտլիպի հարաւը գտնուող Ալ-Ամիրա եւ Միտան Կազալ գիւղերուն մէջ: Բացի այդ, սուրիական բանակը ահաբեկիչներէն ազատագրած է եւս երեք բնակավայր Համա նահանգի հիւսիս-արեւմուտեան շրջանին մէջ:  

Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին յաճախակի դարձած են ահաբեկիչներու կողմէ իրականացուող ռմբակոծութիւնները Համայի, Հալէպի եւ Լաթաքիոյ բնակավայրերու ուղղութեամբ: Գրոհայիններու ջոկատները սուրիական բանակի դիրքերը գրոհելու անյաջող փորձեր կ'ընեն: