Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Նոյեմբերի 16-17-ին պիտի մեկնի Մոսկուա՝ մասնակցելու Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Այդ մասին «Հայ ձայն»ը տեղեկացած է կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն:
Վարչապետին հետ միասին Մոսկուա պիտի այցելեն նաեւ Պետական եկամուտներու կոմիտէէն՝ ՊԵԿ ղեկավար Վարդան Հարութիւնեանի նախագահութեամբ, իսկ ԱԳՆ-ը պիտի ներկայացնէ Շաւարշ Քոչարեան: