image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այցելած Է Յունաստանի նախագահին

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այցելած Է Յունաստանի նախագահին

Յունաստան տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, 20 դեկտեմբերին կայացած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հանդիպումը Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ:

Նախարար Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Յունաստանի նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է պատմական ամուր հիման վրայ ձեւաւորուած երկու բարեկամ պետութիւններու յարաբերութիւնները աւելի աշխուժացնելու եւ խորացնելու վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Յունաստանի ռազմական եւ ռազմակազմածներու վերաբերող համագործակցութեան զարգացման վերաբերող եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: