image

ՀՀ նախագահը հեռախօսազրոյց ունեցած է Հենրիխ Մխիթարեանի հետ եւ շնորհաւորած անոր ծննդեան առթիւ

ՀՀ նախագահը հեռախօսազրոյց ունեցած է Հենրիխ Մխիթարեանի հետ եւ շնորհաւորած անոր ծննդեան առթիւ

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Լոնտոնի «Արսէնալ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանի հետ եւ շնորհաւորած ծննդեան 30-ամեակի առթիւ:

Այս մասին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն: Նախագահ Սարգսեանը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագին մաղթած է քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ: Արմէն Սարգսեանը հետաքրքրուած է նաեւ Մխիթարեանի ապաքինման ընթացքով, յոյս յայտնած, որ ան շատ շուտով կը վերադառնայ խաղադաշտ եւ վերստին ուրախութիւն կը պարգեւէ ֆութպոլասէրներուն:

Որպէս Լոնտոնի «Արսէնալ»-ի երկար տարիներու երկրպագու` նախագահ Սարգսեանը յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ներկայ գտնուիլ Հենրիխ Մխիթարեանի մասնակցութեամբ խաղերէն մէկուն: