Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու տեմոքրաթական կուսակցութիւն»ը (HDP) որոշած է վերադառնալ խորհրդարան: Այս մասին տեղեկացնող «Ակօս» շաբաթաթերթին փոխանցմամբ՝ HDP-ի մամլոյ խօսնակ Այհան Պիլկէն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է, որ խորհրդարանի նիստերուն չմասնակցելու որոշումը փոխուած է եւ իրենք պիտի վերադառնան խորհրդարան:
«Առայժմ այստեղ ենք, եթէ անգամ չէք ցանկար: Մենք պիտի մասնակցինք խորհրդարանի աշխատանքներուն»,- ըսած է Պիլկէն: Ան քիւրտերուն հետ հաշտուելու, խաղաղութիւն հաստատելու կոչով դիմած է Թուրքիոյ կառավարութեան:
«Եթէ կը ցանկաք զարգանալ, պէտք է քիւրտերուն հետ հաշտուիք, եթէ չէք ցանկար յետընթաց ապրիլ, դարձեալ պէտք է քիւրտերուն հետ հաշտուիք: Այլ ելք չունիք»:
Յիշեցնենք, որ «Ժողովուրդներու տեմոքրաթական կուսակցութիւն»ը որոշած էր դադրեցնել խորհրդարանէն ներս իր գործունէութիւնը այն դէպքերէն ետք, երբ Նոյեմբերի սկիզբը ձերբակալուեցան, ապա կալանաւորուեցան կուսակցութեան շարք մը պատգամաւորներ, որոնց շարքին էին HDP համանախագահներ Սելահաթթին Տեմիրթաշ եւ Ֆիկէն Եուքսեքտաղ:
Որոշման յաջորդեց 61 մտաւորականներու, որոնց շարքին էին գրողներ, գիտնականներ, լրագրողներ եւ արուեստագէտներ, խորհրդարան վերադառնալու կոչը՝ ուղղուած HDP-ին: