image
Հրատապ լուրեր:

Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նոր ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը Կլենտէյլի մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նոր ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը  Կլենտէյլի մէջ

Կլենտէյլի մէջ հինգշաբթի կայացած է «Տան միւս կողմը» հայոց ցեղասպանութեան թեմայով նոր փաստագրական ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Glendale News Press-ը, նշելով, որ ֆիլմի բեմադրիչ Նարէ Մկրտչեանը իր այս ֆիլմին մէջ ջանացած է հետեւելով թուրք կնոջ մը ճամբորդութեան, ներկայացնել անոր կեանքին վրայ ցեղասպանութեան ունեցած ազդեցութիւնը:

Անդրանիկ ցուցադրութիւնը կայացած էր MGN Five Star Cinema-ի մէջ եւ պիտի շարունակուի ցուցադրուիլ մինչեւ 28 ապրիլ: «Մեզի համար կարեւոր էր ստեղծել փաստագրական ֆիլմ, որ անձնական պատմութիւն է այն մասին, թէ ինչպէս պատմութեան ընթացք փոխած այս իրադարձութիւնը առայսօր կ'ազդէ մեր վրայ»,- ըսած է Մկրտչեան, աւելցնելով, որ ինք այս ֆիլմը պատրաստելով` հասկցած է, որ տխուր իրողութիւնն այն է, որ Ցեղասպանութիւնը չէ աւարտած սպաննութիւններու աւարտի պահուն, այլ անոր ազդեցութիւնները կը շարունակուին եւ կ'անցնին սերունդէ սերունդ: