Պաշտպանութեան բանակի առանձին հրասայլային ջոկատներէն մէկուն զինծառայողները, անձնակազմի հոգեբանական պատրաստութեան համալիր ծրագրի շրջածիրէն ներս, 30 ապրիլին ներգրաւուած են հոգեբանական արգելագօտիի յաղթահարման վարժանքներուն, որոնք նպատակ ունէին բարձրացնել մասնակիցներու բարոյամարտական որակները, վերջիններուս մօտ յաղթահարել վախը, խուճապային տրամադրութիւնները եւ մարտի հաւանական ելքի վրայ ազդող այլ հոգեբանական խոչընդոտներ:
Այս մասին կը տեղեկանեն ՊԲ լրատուական ծառայութենէն։
Միջոցառման ուսումնական նպատակներուն ծանօթանալէ ետք պարապմունքի մասնակիցներն անմիջապէս անցած են առաջադրուած խնդրի կատարման:
Արգելագօտիի մէջ ներառուած են քարքարոտ եւ հրդեհային տեղամասեր, ջրային արգելք, փշալարային անցում եւ այլ գօտիներ, որոնք յաղթահարելէ ետք զինծառայողը նռնակներու եւ հրաձգային զէնքի օգնութեամբ կը խոցէ պայմանական հակառակորդը:
Պարապմունքի ամբողջ ընթացքը կ'ուղեկցուի ձայնային համապատասխան ազդանշաններով եւ հրասայլի ու հետեւակի մարտական մեքենայի շարժերով, որոնք կը զօրացնեն պայմանական մարտի հոգեբանական ազդեցութիւնը պարապմունքի մասնակիցներու վրայ:
Նշենք, որ հոգեբանական արգելագօտիի յաղթահարումը արդէն իսկ ներառուած է անձնակազմի համալիր պատրաստութեան ծրագրերուն մէջ եւ այս պարապմունքներուն կը մասնակցին բոլոր ժամկէտային զինծառայողները:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ