Հայկական պաշտպանական զօրքերը ունին 18 զոհ: Այս մասին այսօր յայտարարուած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւիրած «Ազգային անվտանգութեան խորհուրդ»ի արտահերթ նիստի ընթացքին: Նախագահը նաեւ ըսած է, թէ Արցախի մէջ հակառակորդի ձեռնարկած զինեալ գործողութիւններուն ընթացքին վիրաւորուած են հայկական բանակի 35 զինծառայողներ: Նշենք, որ ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկութիւններ շրջան կ'ընեն, որ Ազրպրէյճանի շուրջ 200 զինուորներ սպաննուած են: Իսկ Ազրպէյճանի պաշտօնական, բայց կասկածելի լրատուութեան համաձայն հակառակորդ կողմը ունի 12 զոհ: