image

«Հայաստանը ամուր յենարան Սփիւռքին համար». Առլէն Տաւուտեան

«Հայաստանը  ամուր յենարան  Սփիւռքին համար». Առլէն Տաւուտեան

Առլէն Տաւուտեանը 1991 թուականին ընտանիքին հետ Իրանէն հայրենադարձուած է Հայաստան: Ան «Armenia Airways» ընկերութեան սեփականատէրն է: Սէրը դէպի օդանաւային ոլորտ շարժառիթ  հանդիսացած է, որպէսզի ան առաջին քայլերը կատարէ դէպի միջազգային օդանաւային ուղիներու շուկայ: Առլէն Տաւուտեանին կը պատկանի նաեւ «Տաթեւ» զբօսաշրջային ընկերութիւնը, որ ստեղծուած է 1992 թուականին:


-Պարո՛ն Տաւուտեան, ուրկէ՞ կը  սերին Ձեր արմատները:

Մօրս նախնիները Ալեքսանտրափոլէն են, իսկ հայրական կողմս կը սերի Նոր Ջուղայէն: Ես ծնած եմ Թեհրան, մանկութիւնս անցուցած եմ այնտեղ: Յաճախած եմ Թեհրանի Կիւլպէնկեան, այնուհետեւ` Մարի Մանուկեան դպրոց: Թեհրանի «Նայիրի» միութեան սկաուտական խումբի անդամ  եղած եմ: Իրանի մէջ մենք երկու վարչակարգ տեսանք: Ես Իսկ դպրոցն աւարտելէ յետոյ մասնակցած եմ Իրան-իրաքեան պատերազմին: Պատերազմէն յետոյ սկսած եմ աշխատիլ որպէս ատամնատեխնիկ:


-Եր՞բ վերադարձաք Հայաստան:

1991 թուականի օգոստոս 16-ին ընտանիքով եկանք Հայաստան: Այն ժամանակ չկային ուղիղ չուերթներ, այդ իսկ պատճառով Թուրքիոյ սահմանով կու գայինք Հայաստան, որ բաւականին դժուարութիւններ կ՛առաջացնէ:  Քանի որ վերջնական որոշած էինք, որ պէտք է մշտական բնակութիւն հաստատենք Հայաստանի մէջ, այդ պատճառով առաջնայինը պէտք է լուծէինք կացութեան խնդիրը: Վիզաներու ժամկէտը 3 ամիս էր, ուստի ամենայարմարն ուսանողի կարգավիճակ ձեռք բերելն էր: Ընդունուեցայ Երեւանի ճարտարագիտական համալսարան, այնուհետեւ Էրեբունի վարչական շրջանին մէջ գնեցի բնակարան:


-Ուրկէ՞ յառաջացաւ սէրը դէպի օդանաւային ոլորտ:

Երբ կը բնակէի Էրեբունի, այնտեղէն չուերթներ կ՛իրականացուէր դէպի Մեղրի: Ներսահմանային չուերթները կ՛իրականացուէր Էրեբունի օդակայանէն: Այդ ժամանակ ինծի հետաքրքրեց Հայաստան-Իրան օդային եւ ցամաքային կապն աւելի դիւրին դարձնելու  շարք մը հարցեր: Քանի որ Մեղրի քաղաքը տեղակայուած է երկու երկիրներու սահմանային հատուածին մէջ, որոշեցի այդ ուղղութեամբ ալ երթալ: Նախ դիմեցի Իրանի դեսպանատուն, այնտեղէն պատասխան ստացայ, որ մարդոց աշխոյժ տեղաշարժ չըլլալու պատճառով չէ ստեղծուած մաքսային կէտ, եւ պէտք է զարկ տալ տուեալ տարածքին մէջ մարդոց աշխոյժ ելք ու մուտքին: Մենք մեր առջեւ պահանջ դրած էինք, որ աւելի կարճ ու յարմարաւէտ ճանապարհով ուղիներ հարթենք Երեւան-Թեհրան օդային կապն ապահովելու համար:  Կարեւոր էր` ուղեւորափոխադրումը եւս զարգացնել եւ աշխուժացնել:


-Ինչպէ՞ս կատարեցիք առաջին քայլերն այդ ոլորտին մէջ:

Նախ դիմեցի Թաւրիզի նահանգապետարան` ըսելով, որ ունիմ առաջարկ-ծրագիր մը: Ըստ այդ ծրագիրին`կը  նախատեսէինք Երեւան-Մեղրի օդային չուերթներ իրականացնել, այնուհետեւ Մեղրիէն ուղեւորներուն իրանական փոխադրամիջոցներով հասցնել Թեհրան: Նախապէս Երեւանէն դէպի Թեհրան հասնելու համար կը պահանջուէր շուրջ 3 օր, իսկ այս պարագային ընդամէնը 12 ժամ: Նախագիծս ընդունուեցաւ, եւ ատկէ յետոյ շաբաթական շուրջ 3 չուերթներ կ՛իրականացնէինք:


-Պատմէ՛ք, խնդրեմ, «Տաթեւ» զբօսաշրջային ընկերութեան մասին:

«Տաթեւ» զբօսաշրջային ընկերութիւնը ստեղծեցինք 1992 թուականի սեպտեմբերին: «Տաթեւ»-ը «Iran Aseman Airlines» ընկերութեան ներկայացուցիչն է Հայաստանի մէջ: Ներկայիս վերջիններս Թեհրանէն թռիչքներ կ՛իրականացնեն դէպի Երեւան: «Տաթեւ»-ը մեր ընտանեկան գործարարութիւն է, հիմնադիրներն ենք ես ու կինս` Ժիզել Պանտարին: Երկուքս ալ ՀՀ քաղաքացիներ ենք: Որդիներս` Սեւակն ու Արամը, նոյնպէս այս գործին մէջ են: Այն մեծ դեր ունի Հայաստան-Իրան օադանաւային ուղիներու զարգացման գործին մէջ: Սկզբնական շրջանին կը զբաղէինք օդանաւային տոմսերու վաճառքով, այնուհետեւ համագործակցեցանք «Կասպիական ուղիներ» ընկերութեան հետ: Պէտք է նշեմ, որ մենք արտասահմանեան որոշ ընկերութիւններու հիմնական համակարգողն էինք Հայաստանի մէջ: Որպէս ոլորտ, այն բաւականին բարդ եւ թանկ ոլորտ կը համարուի: Միշտ պէտք է ունակ ըլլաս ներդրումներ կատարելու թէ՛ ֆինանսական, թէ՛ մասնագէտներու առումով: Խօսք մը կայ. «Եթէ դուն միլիառատէր ես եւ կը ցանկաս դառնալ միլիոնատէր` ստեղծէ զբօսաշրջային գործակալութիւն»:


-Պարո՛ն Տաւուտեան, ներկայիս կը  հանդիսանաք «Արմէնիա Էյրուէյզ» ընկերութեան սեփականատէրը: Ին՞չ նպատակներ ունիք Հայաստան աւելի մրցունակ դարձնելու օդանաւային  ոլորտին մէջ:

Հայաստանն ալ իր չափով մրցունակ է, բնականաբար, իր ուրոյն տեղն ունի: Չենք կրնար համեմատել ռուսական կամ ամերիկեան օդանաւային ոլորտին հետ, բայց տարածաշրջանին մէջ այն եւս աչքի կ՛իյնայ: Մենք նպատակ ունինք սկզբնական շրջանին միջինարեւելեան երկիրներ չուերթներ իրականացնելու: Նաեւ մտադիր ենք Երեւանէն չուերթներ իրականացնել դէպի Եւրոպա, Ռուսաստան ու Չինաստան:Ծրագիր կայ  Երեւանը` իբրեւ տարանցիկ կէտ, օգտագործել Մոսկուայի ու Չինաստանի միջեւ: Հեռանկար ունինք նաեւ դէպի ԱՄՆ չուերթներ իրականացնելու:


-Ինչպէ՞ս պէտք ըլլան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններն ըստ Ձեզի:

Շատ  կարեւոր կը համարեմ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները: Ես, ծնած եւ մեծցած ըլլալով կրօնական եւ մշակութային առումով շատ տարբեր երկրի` Իրանի մէջ, այդ մէկը իմ մաշկիս վրայ զգացած եմ: Հայաստանը պէտք է ամուր յենարան ըլլայ Սփիւռքին համար: Ես եկայ Հայաստան որպէս հայ, Իրանի մէջ կ՛ապրէի որպէս պարսկահայ: Միջանձնային բարդութիւնները ինծի ստիպեցին վերադառնալ Հայրենիք:


-Երբ եկաք Հայաստան, ինչպիսի՞ զգացողութիւն ունեցաք:

Մենք միշտ մերը համարած ենք Հայաստանը: Այն մեր տունն է, որ պէտք է միշտ նորոգել: Գալով Հայաստան` ես ուրախացայ նաեւ այն հարցով, որ կրցայ «Տաթեւ» զբօսաշրջային ընկերութեան հիմնադրմամբ ապահովել մօտ 50 աշխատատեղ: «Արմէնիա Էյրուէյզ»-ի հետ կապուած  շարք մը  ծրագիրներու արդիւնքով պիտի ստեղծուին եւս 50 աշխատատեղ:

 

Սեւադա Սաֆարեան

«Հայերն Այսօր»