image

Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ ձիւն կը տեղայ

Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ ձիւն կը տեղայ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 4 ապրիլի ժամը 09:00-էն ՀՀ տարածքին ճանապարհները հիմնական անցանելի են:

Արագածոտնի մարզի Ամբերդ ամրոց եւ Քարի լիճ տանող ճանապարհները դեռ անորոշ ժամանակ փակ պիտի ըլլան:

Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի, Սեւան, Գաւառ, Կոտայքի մարզի Հրազդան, Տաւուշի մարզի Ջերմուկ քաղաքներուն մէջ, Սարաւան- «Զանգեր» կոչուող հատուածին, Տաւուշի մարզի Դիլիջանի ոլորաններուն, Շիրակի մարզի Աշոցքի տարածաշրջանին մէջ կը տեղայ ձիւն:

Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ առկայ է մառախուղ: