Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը այսօր Երեւանի մէջ գումարուած պատգամաւորական ժողովի աւարտին Հրաչեայ Կարապետեանը ընտրած է նոր ներկայացուցիչ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրէ մը։
Նշենք, որ մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ Հրաչեայ Կարապետեանը պիտի փոխարինէ Յակոբ Աւետիքեանը («Ազգ»ի գլխաւոր խմբագիր)։