image

Հայաստանի մէջ կան 263 նոր վարակուածներ. Մահերուն թիւը՝ 13-ն է

Հայաստանի մէջ  կան 263 նոր վարակուածներ. Մահերուն թիւը՝ 13-ն է

 

16 յունուարն, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 164235 դէպք, որոնցմէ 152615-ն` առողջացած, 2987-ը` մահուան ելքով: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 7905 հիւանդ: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 620704 քննութիւն:

 

Այսպիսով` երէկ կատարուած է 1638 քննութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 263 նոր դէպք: Ունինք 295 առողջացած եւ 13 մահուան դէպք:

Նախորդ օրն արձանագրուած է մահուան 2 դէպք, երբ հիւանդներն ունեցած են «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 728 է: