image

Հայաստանի մէջ եղանակը պիտի տաքնայ 2-4 աստիճանով. կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ

Հայաստանի մէջ եղանակը պիտի տաքնայ 2-4 աստիճանով. կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ

Հայաստանի տարածքին 3 մայիսի  կէսօրէն ետք, 4-7-ի գիշերը եւ կէսօրէն ետք շրջաններու զգալի մասը, 8 մայիսի կէսօրէն ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին վայրերու մէջ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ: 7 Մայիսի երեկոյեան ժամերուն, 8-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:

Քամին պիտի ըլլայ հարաւ-արեւմտեան՝ 3-8 մ/վրկ արագութեամբ, ամպրոպի ժամանակ հնարաւոր է քամիի ուժգնացում՝ մինչեւ 15-20 մ/վ։

Օդի ջերմաստիճանը մայիս 3-ի, 4-ի եւ 5-ի ցերեկը պիտի բարձրանայ 2-4 աստիճանով:

Երեւան քաղաքի մէջ 3 մայիսի կէսօրէն ետք, 4-7-ի գիշերը եւ կէսօրէն ետք՝ կը սպասուի, 8 մայիսի երեկոյեան ժամերուն հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ հնարաւոր է քամիի ուժգնացում՝ 15-17 մ/վրկ։ 7 Մայիսի երեկոյեան ժամերուն, 8-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: