image

Հայաստանի ձմեռը երեւելի է յատկապէս մարզերուն մէջ. Արագածոտնի ճանապարահներուն՝ մերկասառոյց

Հայաստանի ձմեռը երեւելի է յատկապէս մարզերուն մէջ. Արագածոտնի ճանապարահներուն՝ մերկասառոյց

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 8 փետրուարին՝ ժամը 09:00-ի դրութեամբ ՀՀ տարածքին մէջ կան փակ եւ դժուարանցանելի ինքնաշարժի ճանապարհներ:

Վարդենեաց լեռնանցքը փակ է միայն կցորդիչով բեռնատարներու համար:

Դժուարանցանելի է Սոթք-Քարվաճառ ճանապարհը (մերկասառոյց):

Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով։

Արագածոտնի մարզի Արագածի տարածաշրջանին մէջ, Ապարան, Թալին, Շիրակի մարզի Գիւմրի, Արթիկ քաղաքներուն եւ  Անի, Ախուրեան համայնքներուն մէջ առկայ են տեղումներ ձիւնի տեսքով:

Վրաստանի տարածաշրջանային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ճանապարհային բաժանմումնքէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի մեքենաներու համար:

Վանաձոր-Ալաւերդի ճանապարհի 39-րդ քմ-էն մինչեւ Բագրատաշէն ինկած հատուածին մէջ կ'իրականացուին շինարարական աշխատանքներ: