image

Հայաստանի դեսպանը իր հաւատարմագրերը յանձնած է ԱՄՆ նախագահին

Հայաստանի դեսպանը իր հաւատարմագրերը յանձնած է ԱՄՆ նախագահին

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան իր հաւատարմագիրները յանձնած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին:

 

Ողջունելով նախագահ Թրամփը ՀՀ նախագահի, վարչապետի ու ժողովուրդի անունէն` Վարուժան Ներսէսեան նշած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ ու պատասխանատւութիւն է Հայաստանը ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու մէջ այս կարեւոր ժամանակաշրջանին:

 

«Հաւատարմագրերու յանձնման արարողութեան ժամանակ տեղի ունեցած կարճ զրոյցի ընթացքին նախագահ Թրամփ ու դեսպան Ներսէսեան կարեւոր համարած են տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնմանն ուղղուած քայլերը: Կողմերը շեշտած են ամերիկահայ համայնքի դերակատարութիւնը երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան զարգացման գործին մէջ», – այս մասին կը հաղորդեն ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն: