Հայաստանի մէջ բոլոր դասաւանդութիւնները յետաձգուեցան։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Փաշինեան, որ այսօրուան իր «լայվ»ն ամբողջութեամբ յատկացուց «Քորոնա» վարակի խնդրին նաեւ ըսաւ, որ ՀՀ կառավարութիւնը նպատակայարմար նկատած է, մինչեւ 23 մարտը դադրեցնել բոլոր դասաւանդութիւնները, ոչ միայն վարժարաններուն այլ նաեւ Բարձրագոյն Ուսման Հաստատութիւններուն մէջ։
Վարչապետը նաեւ յայտարարեց՛ որ 18-19 մարտին անգամ մը եւս պիտի անդրադառնան այս թեմային։