Թուրքիոյ մէջ առաջին հասարակաց տուները բացուած են 19-րդ դարու վերջերը, մասնաւորապէս ղրիմեան պատերազմի տարիներուն (1853-1856թթ)` զինուորներու «սեռական պահանջները բաւարարելու համար»:
Այսօր Թուրքիոյ մէջ կը գործեն շուրջ 56 հասարակաց տուներ, որոնց 85%-ը ապօրինի կ'աշխատի: Պատճառն այն է, որ Թուրքիոյ մէջ 100 հազարէ աւելի մարմնավաճառ կայ, սակայն անոնցմէ միայն 15 հազարը պաշտօնապէս աշխատելու թոյլտուութիւն ունի:
Խօսելով Թուրքիոյ հասարակաց տուներու մասին` անհնար է չանդրադառնալ այն գործարարուհիի մասին, որ երկար ժամանակ իր ուրոյն տեղը ունեցած է այս ոլորտին մէջ:
Խօսքը Մաթիլտ Մանուկեանի մասին է, որ հանդիսացած է Թուրքիոյ 37 հասարակաց տուներու սեփականատէր: Այնտեղ ան յայտնի է «հասարակաց տուներու թագուհի» կամ «հասարակաց տուներու տիրուհի» մականունով:
Մաթիլտ Մանուկեանը 20-րդ դարու ամենաազդեցիկ կին գործարարներէն մէկը կը համարուի:
Ան ծնած է 1914 թուականին` ազնուական ընտանիքի մէջ: «Notre Dame de Sion» վարժարանը աւարտելէ ետք սկսած է զբաղուիլ դերձակութեամբ, սակայն ամուսինին մահէն ետք ֆինանսական դժուարութիւններ ունենալով` հօրմէն մնացած տուները սկսած է գործարկել որպէս հասարակաց տուներ:
Կարճ ժամանակուայ մէջ Մաթիլտ Մանուկեանին պատկանող հասարակաց տուներու թիւը աւելցած է, հասնելով 37-ի: Ան յաճախ յայտնուած է խոշոր հարկատուներու ցուցակին մէջ եւ մի քանի անգամ նոյնիսկ վճարած հարկերու չափով մրցանիշ սահմանած է ու ստացած մրցանակներ: Աւելի ուշ Մաթիլտ Մանուկեանի ձեռքբերումներուն նուիրուած «M&M» անունով թանգարանին մէջ ցուցադրուած են այս մրցանակները:
Գործարարուհին յայտնի է նաեւ իր բարեգործութիւններով: Ան 70 գրասենեակներ նուիրած է տարբեր հիմնադրամներու: Կ'ըսուի, որ հովանաւորած է բազմաթիւ կարիքաւոր ուսանողներու ուսումը: Մաթիլտ սնանկացումէ փրկած է 3 գործարար, որոնք որպէս երախտագիտութիւն, արտասահմանի մէջ պատրաստած են Մաթիլտի արձանը եւ կանգնեցուցած վերջինիս տան բակին մէջ:
Ան փափաքած է հայկական եկեղեցիին նոյնպէս նուիրատուութիւն ընել, սակայն եկեղեցին չէ ընդունած:
Հակառակ այս ամէնուն, Մաթիլտ քանի մը անգամ ձերբակալուած է, հասարակաց տուներուն մէջ երիտասարդ աղջիկներ շահագործելու մեղադրանքով, սակայն ազատ արձակուած է:
Ըստ մամուլի մէջ տարածուած տուեալներու, Մանուկեանն ունեցած է 50 գրասենեակ, 50 խանութ, 4 ամառանոց, 220 թաքսի, 37 հասարակաց տուն, 40 շէնք, 2 գործարան, 1 զբօսանաւ, մէկ Ռոյլս ռոյս, 4 BMW, 4 Mercedes մակնիշի մեքենաներ եւ հիւրանոցներ, ինչպէս նաեւ միլիառաւոր լիրա արժողութեամբ զարդեր:
Մանուկեան նաեւ ներդրումներ կատարած է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ Կիպրոսի մէջ: Հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ ան պատմած է, որ Կիպրոսի մէջ ունի 10 առանձնատուն:
Մաթիլտ Մանուկեան իրեն պատկանող շէնքերը վարձակալութեամբ յանձնած է Պոլսոյ քաղաքապետարանին, արդարադատութեան պալատին եւ այլ պետական հիմնարկներու:
Մաթիլտ Մանուեանը մահացած է 21 Փետրուար, 2001-ին եւ թաղուած Շիշլիի հայկական գերեզմանոցը: Գործարարուհիի հսկակայան կարողութիւնը անցած է միակ որդիին` Քերոբ Չիլինկիրին:
Մաթիլտ Մանուկեանի գործունէութիւնը շատերու կողմէ քննադատութեան արժանացած է եւ չէ «ողջունուած», սակայն այն փաստը, որ հայ գործարարուհին Թուրքիոյ գործարար կեանքին մէջ մեծ դեր խաղացած է, անհերքելի է: