image

Հայ Ինքնութեան Ըմբռնումը՝ Թուրքիոյ Հասարակութեան Կողմէ. Ալպէր Քէշիշ

Հայ Ինքնութեան Ըմբռնումը՝ Թուրքիոյ Հասարակութեան Կողմէ. Ալպէր  Քէշիշ

Թուրքիոյ բնակչութիւնը միաձայնութեամբ կաղապարուած հասարակութիւն մը չէ: Տարբեր գաղափարախօսութեան եւ մտայնութեան տէր անձինք՝ բնականաբար զանազան կարծիքներ կը յայտնեն տարբեր նիւթերու շուրջ, նաեւ՝ հայ ինքնութեան մասին: Որպէս պոլսահայ՝ կը փափաքիմ ներքին հայեացքով մը բնութագրել խնդրոյ առարկայ պառակտումը՝ յաճախակի արտայայտուող ասութիւններու լոյսին տակ:

«Հայերը անխտիր մեր թշնամին են»

Այս տեսութիւնը կը պատկանի ազգայնամոլ եւ ցեղապաշտ խմբակներուն, որոնց ձայնը շատ աւելի լսելի է քան թէ բնակչութեան համեստ հատուածը: Անոնց մեծամասնութիւնը, ո՛չ հանդիպում մը ունեցած է հայու մը հետ, եւ ոչ ալ ծանօթութիւն: Պատրաստ է բոլոր բացասական երեւոյթները հայ ազգին վերագրել: Քրտական ապստամբութեան մասնակցողներն անգամ կը նկատէ իբրեւ հայեր կամ դաւանափոխ հայեր: Նման մտայնութեան տէր անձանց համար միայն հայերը չեն, որ թշնամի կը համարուին, այլ բոլոր ոչ թուրք ցեղերը: Իրենց յայտնի կարգախօսն է՝ «թուրքին միակ բարեկամը թուրքն է»:

«Հայերը մեր թշնամին են՝ բացի Թուրքիոյ հայերէն»

Յիշեալ տեսութիւնը կը ներկայացնէ հակասական եւ ծիծաղելի բնոյթ մը: Ան տգիտութեան դրսեւորումն է՝ եթէ ոչ խորամանկութեան: Ըստ երեւոյթի, Թուրքիոյ քաղաքացի հայերը պաշտպանող այս մտայնութիւնը, հիմնականօրէն կը պարունակէ խիստ հակահայ զգացում մը՝ պառակտելով աշխարհի համայն հայութիւնը, իբրեւ պոլսահայեր եւ մնացեալները: Միաժամանակ զանց առնելով այն իրողութիւնը, որ պոլսահայերը մօտիկ հարազատներ ունին Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ՝ մաս կազմելով համայն հայութեան:

«Մեր միակ հակառակորդը սփիւռքահայութիւնն է»

Այս մտայնութեան համաձայն՝ եթէ սփիւռքը չլինէր, շատ աւելի դիւրութեամբ կը կարգաւորուեր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կայացած հարցերը: Սփիւռքի միջամտութիւնն է, որ կը բարդացնէ հայոց եւ Թուրքիոյ միջեւ ծագում առած առկայ եւ պատմական հակամարտութիւնները, որ կը ստանան անլուծելի բնոյթ: Այսպէսով, սփիւռքը կը ստանայ սատանայական յատկանիշ մը:

«Հայերը վստահելի են»

Կան տարբեր խաւերու եւ աշխարհահայեացքի պատկանող մարդիկ, որոնք համակարծիք են այս տեսակէտին հետ: Անոնք ընդհանրապէս ծանօթացած են մօտիկ հայ ընկերներու եւ հարեւաններու հետ՝ ունենալով զանազան յարաբերութիւններ եւ շփումներ: Կը նախընտրեն հայ դայեակներու վստահիլ իրենց երախաները: Առեւտուրի, բժշկութեան եւ մասնագիտական այլ մարզերու մէջ ալ առաջնահերթութիւնը կու տան հայերուն՝ նման զգացումներով:

«Հայերը անվստահելի են»

Սոյն ժխտական մտածելակերպի տէր անհատները, վերոյիշեալ նկարագրումին ընդհակառակը կը ներկայացնեն: Ըստ իրենց՝ հայերը անվստահելի տարրեր են այն առումով, որ պետութեան կր դաւաճանեն առաջին իսկ առիթով: Այս մտայնութիւնով նախապաշարուած անձինք, հայերը շատ անգամ կ'երեւակայեն իբրեւ Թուրքիոյ թշնամի երկիրներու ներքին սպասարկողները: Ընդհանրապէս կը խուսափին հայոց հետ շփուելէ եւ շատ անգամ կը մասնակցին հակահայ քարոզչութեան:

«Հայերը օտարներ են»

Այս տեսութեան համաձայն՝ հայերը Թուրքոյ տարածքին վրայ բնակող տեղացի եւ հարազատ ժողովուրդ մը չէ: Սոյն տեսութիւնը պաշտպանողները դիտմամբ կամ տգիտութեան պատճառաւ կը մերժեն հայոց պատմական ներկայութիւնը: Պոլսահայերը կը ներկայացուին իբրեւ այլ երկիրներու քաղաքացիներ, որոնք անցողական ժամանակաշրջանի մը համար կը բնակին Թուրքիոյ տարածքին վրայ: Այս ընկալումը յատկապէս վերջին տասնամեակներուն տարածուեցաւ՝ հայ բնակչութեան նուազման եւ պատմութեան խեղաթիւրման առընթեր:

«Հայերը բնիկներ են»

Ուսեալ եւ քաղաքակիրթ քաղաքացիներու կարեւոր մէկ մասը իրազեկ է հայոց պատմական ներկայութեան: Անոնք գիտակցաբար կ'ընդունին եւ կը յայտարարեն, որ հայ ազգը երկրի աշխարհագրական տարածքին վրայ բնակած հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը եղած է: Անպատեհութիւն չեն տեսներ հայոց պատմական կարոյցներու եւ այլ հետքերու բացայայտումին մէջ:

«Հայերը բազմահմուտ են»

Հայոց զանազան բնագաւառներու մէջ բերած մեծ նպաստը եւ արձանագրած յաջողութիւնները անհերքելի իրողութիւն մըն են բոլոր անոնց համար, որոնք կուրացած չեն հայատեացութեան ախտով: Բացի ծայրայեղ ազգայնամոլներէ, ո՛չ ոք կը մերժէ հայ արուեստի կոթողները, որոնք նկատելի են ամէնուր: Երաժշտանոցներու եւ նուագախումբերու անդամներուն մէջ նկատելի են նաեւ հայ երաժշտագէտներ, որոնք շատ կարեւոր դիրքեր կը գրաւեն այս ասպարէզին մէջ: Բժշկութեան, արհեստագործութեան եւ լեզուագիտութեան նման բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ ալ անժխտելի է հայոց նպաստը:

«Հայերը հարուստ են»

Ինձ այդպէս կը թուի, թէ այս տպաւորութիւնը հասարակ բնոյթ մը ստացած է ամբողջ Թուրքիոյ բնակչութեան մօտ: Հայերը ընդհանուր առմամբ կը նկարագրուին իբրեւ հարուստ համայնք մը, ուր չքաւորներ բնաւ գոյութիւն չունին: Ինչպէս Թուրքիոյ ընդհանուր հասարակութիւնը, հայ համայնքն ալ կը բաղկանայ տարբեր տնտեսական դասակարգերէ եւ խաւերէ: Եկեղեցիներու աղքատախնամի մարմինները կը գործեն այս առաքելութիւնով, որ շատ անգամ բաւարար չէ իրենց գործունէութիւնը՝ սահմանափակ նիւթական կարելիութիւններու պատճառաւ: Ինչպէս նաեւ՝ համայնքի վարժարանները եւ հիւանդանոցը կը ջանան բոլոր կարիքաւոր ընտանիքներուն ձրիաբար սպասարկել: Հոս պէտք է շեշտել պոլսահայ համայնքին այն սխալ ընթացքը, որ պատճառ կը դառնայ անհիմն տպաւորութիւններու: Մենք որպէս համայնք շատ կը սիրենք ճոխ կենցաղ մը ներկայացնել: Մեր այս թերութիւնը հարեւան ժողովուրդին նկատողութենէն չի վրիպիր եւ տեղի կու տայ նախապաշարումներուեւ նախանձութիւններու: Հարստութիւնը աւելի երեւելի է մեր մօտ քան չքաւորութիւնը: Մեր փոքրիկ համայնքին համար պատեհ կը համարեմ համեստ կեանք մը վարել եւ մեր ներուժը կեդրոնացնել մասնագիտական յաջողութիւններու ու ձեռքբերումներու վրայ:

Վերոյիշեալ օրինակները կարելի է բազմացնել: Հայոց ինքնութեան հանդէպ Թուրքիոյ բնակչութեան ցուցաբերած զանազան եւ երբեմն իրարու հակասող ընկալումը ապացոյցն է մտային պառակտումի մը, որ յառաջ կու գայ համատարած հակահայ քարոզչութեան պատճառաւ: Այս քարոզչութիւնը կը բխի յատկապէս ազդեցիկ զանգուածային լրատուական միջոցներէն եւ կրթական համակարգի առկայ իրավիճակէն: Յիշեալ ազդակները մէկ այլ գրութեան նիւթը կրնան դառնալ՝ իրենց ընդարձակ եւ լայնածաւալ հանգամանքով: Յամենայնդէպս, հայոց նկատմամբ անցեալի խաւար մթնոլորտով ու մտայնութիւնով պայմանաւորուած հասարակութիւնը սկսած է պառակտուիլ՝ իր հետ պառակտելով նախապաշարումները՝ հայ եւ թուրք յառաջադէմ ու լայնախոհ մարդկանց մղած երկարաշունչ պայքարով:

Ալպէր Քէշիշ / Յատուկ  «Արեւելք»ին /Պոլիս