Սուրիոյ կառավարութիւնը հարթած է Հասաքէ քաղաքին ու անոր արուարձանին մէջ պարտադիր ու պահեստային զինուորական ծառայութենէն խուսափած 195 դասալիքի իրավիճակը:
Ըստ «Սանա» լրատուական գործակալութեան, Հասաքէի զօրակոչի յանձնաժողովը կը շարունակէ ընդունիլ զինուորական ծառայութենէ խուսափած քաղաքացիները, որոնք ցանկութիւն կը յայտնեն իրենց իրավիճակին հարթեցում տալով միանալ բանակի շարքերուն:
Յանձնաժողովը կոչ ուղղած է քաղաքի տարբեր հասարակական ու կրօնական կազմակերպութիւններուն, որպէսզի վերջիններս իրենց հերթին նպաստեն զինուորական ծառայութենէ խուսափած քաղաքացիները բանակին յանձնելու գործողութեան: