image

Հասաքէի մէջ շուրջ 200 զինուորական ծառայութենէն խուսափած դասալիքներ միացան Սուրիոյ բանակին

Հասաքէի մէջ շուրջ 200 զինուորական ծառայութենէն խուսափած դասալիքներ միացան Սուրիոյ բանակին

Սուրիոյ կառավարութիւնը հարթած է Հասաքէ քաղաքին ու անոր արուարձանին մէջ պարտադիր ու պահեստային զինուորական ծառայութենէն խուսափած 195 դասալիքի իրավիճակը:

Ըստ «Սանա» լրատուական գործակալութեան, Հասաքէի զօրակոչի յանձնաժողովը կը շարունակէ ընդունիլ զինուորական ծառայութենէ խուսափած քաղաքացիները, որոնք ցանկութիւն կը յայտնեն իրենց իրավիճակին հարթեցում տալով միանալ բանակի շարքերուն:

Յանձնաժողովը կոչ ուղղած է քաղաքի տարբեր հասարակական ու կրօնական կազմակերպութիւններուն, որպէսզի վերջիններս իրենց հերթին նպաստեն զինուորական ծառայութենէ խուսափած քաղաքացիները բանակին յանձնելու գործողութեան: