Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան առաջնորդ Սայէտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին դիտել տուաւ, որ Իրան, Սուրիայ, Ռուսաստան եւ իրենք մաս կը կազմեն քաղաքական նոյն դաշինքին: Ան նաեւ ըսաւ, որ դաշնակից կողմերուն մէջ եղող համագործակցութիւնը շատ ամուր հիմերու վրայ է, հակառակ կարգ մը մանրամասնութիւններու շուրջ եղած տարբեր մօտեցումներուն: Նասրալլա, որ կը խօսէր «Ալ Մայատին» կայանէն, յայտնեց, որ Իսրայէլ այս հանգրուանին մտադիր չէ Լիբանանի դէմ պատերազմ մը սկսիլ, նկատել տալով, որ «Մենք տկար չենք, ու եթէ Իսրայէլ սխալի ու թշնամական որեւէ քայլ ընէ Լիբանանի դէմ ապա մեր հարուածը պիտի ըլլայ շատ ծանր ու որեւէ բախումի պարագայի մենք նկատի պիտի չառնենք «կարմիր գիծերը»: Նասրալլա իր խօսքը մանրամասնելով նշեց, որ իրենք ունին Իսրայէլի քիմիական եւ կորիզային զէնքի կեդրոններու ամբողջական քարտէզը եւ այդ կեդրոնները պիտի ըլլան «Հըզպալլա»ի համար հիմնական թիրախներ, մինչեւ որ ան դադրեցնէ իր թշնամական գրոհը Լիբանանի դէմ: Խօսելով ռուսական «կարեւոր» ուժերուն Սուրիայէն հեռացման մասին, Նասրալլա ըսաւ, թէ «ճիշդ չէ ըսել, որ Ռուսիա իր բոլոր ուժերը քաշած է Սուրիայէն եւ եթէ հարգ զգացուի, ինչպէս նախագահ Փութինը ըսաւ, Ռուսիա պատրաստ է արագօրէն շրջան վերադառնալ»: Անոր կարծիքով Մոսկուա իր ուժերը հեռացուց, որովհետեւ Թուրքիոյ հետ հաւանական բախումի մը հաւանականութիւնները նուազագոյին իջան եւ այդ պատճառով է նաեւ, որ կարիք չկար, որ ռուսական այդքան մեծաթիւ զօրքեր Սուրիա մնային: