image

Համաներման մասին խօսքերը ցարդ կը մնան ասեկոսներու շրջանակին մէջ. Զառուհի Մէջլումեան

Համաներման մասին   խօսքերը  ցարդ կը մնան ասեկոսներու շրջանակին մէջ. Զառուհի Մէջլումեան

Հետաքննող լրագրող եւ «Հետք» կայքի խմբագրակազմի անդամ Զարուհի Մէջլումեանի   կարծիքով,  ՀՀ  անկախութեան  25-րդ տարեդարձին առթիւ  կարգ մը  բանտարկեալներու համաներում  շնորհելու մասին   խօսքերը  մինչեւ այս պահը կը մնան  սոսկ «ասեկոսէներ»ու ծիրին մէջ: Մէջլումեան, որ  մասնակցած է «Առաջին լրատուական» կայքէն հեռարձակուող Արման  Ղարիպեանի  «Մամուլի հետ սուրճ»  հեղինակային յայտագրին,  ըսած է, թէ  ընդհանրապէս  համաներման օրէնքի  կարիք չէր ըլլար, եթէ Հայաստանի դատա-իրաւական համակարգը ինքզինք սրբագրելու մէքանիզմներ  ունենար:  Ան   նաեւ նկատել տուած է, որ համաներման օրէնքը առիթ է, որ  դատական  համակարգը սրաբագրէ իր բացթողումները: Նշենք, որ անցնող օրերուն Հայաստանի հասաարակութեան լայն   խաւերուն կողմէ  խօսակցութիւն  նիւթ դարձած է   տասնեակ   կալանաւորներու   ազատ արձակման  համար  հրապարակուելիք համաներման օրէնք  մը   եւ   ըստ այդ խօսակցութիւններուն  համաներումը  պիտի ըլլայ աննախընթաց: