image

Պատուաստողները պիտի ապրին, ոչ թէ մեռնին...Ֆրանսացի գիտնականին խօսքերը սխալ մեկնաբանուած են

Պատուաստողները պիտի ապրին, ոչ թէ մեռնին...Ֆրանսացի  գիտնականին խօսքերը սխալ մեկնաբանուած են

Վերջերս համացանցով տարածուած լուրը «Քովիտ 19» պատուաստին մասին սարսափ ու մտահոգութիւն ստեղծած է ժողովուրդին մէջ:

Ըստ տարածուած լուրին՝ 11 Մայիս, 2021-ին, Hold-Up Media կայքին հարցազրոյց տուած ժամանակ,  2008-ի Նոպէլեան մրցանակակիր, գիտնական՝ Լուք Մոնթանիէ, որ գործընկերոջ մը հետ միասին յայտանգործած է HIV-ի ժահրը (մարդկային ախտամերժողականութեան), իբր թէ յայտարարած է «Քովիտ 19-ի դէմ բոլոր պատուաստուողները, պիտի մահանան երկու տարուայ ընթացքին»: «Արեւելք» լուսաբանելով այս լուրը, կը ներկայացնէ լիբանանեան «Ալ Նահար» կայքի յօդուածը, որ կը փաստէ, թէ տարածուած նիւթը իրականութեան  չի  համապատասխաներ։

Աղբիւրը անդրադառնալով տարածուած վերնագիրներուն «բոլոր պատուաստուողները պիտի մահանան երկու տարուայ մէջ» վկայակոչած է life site news կայքի յօդուածը, ուր գրուած է, թէ «Մոնթանիէ այսպէս չէ ըսած, սխալ   եւ լուրը կեղծ է»: Աղբիւրը նաեւ վկայակոչած է ամերիկեան RAIR հաստատութեան յայտարարութիւնը, որ կը հաստատէ, թէ այսպիսի խօսք Մոնթանիէ չէ ըսած:

Աղբիւրը նշած է թէ գիտնականը յստակ կերպով արտայայտած է, թէ ինք դէմ է «Քովիտ 19»-ի պատուաստին, ան «բժշկական մեծ սխալ» համարած է պատուաստումը, որովհետեւ այս ժահրը փոփոխութիւններ կրելու ունակութիւն ունի, եւ պատուաստումը կրնայ նոր տեսակներ յառաջացնել: «Պատուաստում կը նշանակէ հակաժահրային մարմիններ յառաջացնել, այն պարագային ի՞նչ պիտի ընէ ժահրը, կամ պիտի մեռնի, կամ լուծում պիտի գտնէ. Եւ  ներկայ նոր տեսակները (քորոնայի) պատուաստումի արդիւնք են: Հետեւաբար երկիրներուն մէջ կը տեսնենք, պատուաստումի գծապատկերին կը յաջորդէ մահացութեան գծապատկեր»,- բացատրած է գիտնականը:

Միւս կողմէ սակայն, բազմաթիւ գիտնականներ հակառակած են Մոնթանիէի կարծիքներուն ըսելով, թէ «Քորոնա»-ի այլ տարբերակները սկսած էին ի յայտ գալ պատուաստներէն դեռ շատ առաջ, եւ ապացոյցները կը վկայեն, որ նոր տեսակներ կը զարգանան, երբ ժահրը երկար ատեն կը շարունակէ վարակել մարդոց եւ ոչ թէ երբ վարակը կը կանխարգիլուի պատուաստումներով: