Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը, համագործակցելով Հալէպի զբօսաշրջութեան տնօրէնութեան եւ «Ալ Շիահ» կազմակերպութեան հետ, յայտարարեց, որ Հալէպի շոքեկառքի գիծի ծառայութիւնը պիտի վերսկսի իր աշխատանքները: Ուղեւորութեան մեկնարկը պիտի ըլլայ Հալէպէն Ճապրին գիւղ՝ որ կը գտնուի Հալէպէն 10 ք.մ. հեռու:
Նախարարութիւնը խոստացաւ, որ մօտ ապագային այլ վայրեր եւս հասանելի պիտի ըլլայ շոգեկառքի ծառայութիւնը։