image

Հալէպի «Ռամուսէ» շրջանը պիտի վերականգնի

Հալէպի «Ռամուսէ» շրջանը պիտի վերականգնի

Շատ մը արհեստաւորներ վերադարձած են Հալէպի հարաւարեւմտեան շրջանի Ռամուսէի արդիւնաբերական տարածք՝ իրենց աշխատանոցները, եւ վերսկսած արդիւնաբերական գործունէութիւն ծաւալել: Այս մասին կը հաղորդէ «Հալէպի հիմա» ֆէյսպուքեան էջը, նշելով, որ շրջանին մէջ սկսած է աշխուժանալ մէկ կողմէն՝  նորոգման, իսկ միւս կողմէն մաքրութեան, փլատակներու հեռացման եւ փողոցներ բանալու աշխատանքները:


Համատանիյէ շրջանի ծառայողական հիմնարկի տնօրէն ճարտարապետ Ապտ Ալ-Սալամ Քայեալին հաղորդած է, որ բոլոր գլխաւոր փողոցները բացուած են եւ ներկայիս փլատակները հեռացնելու աշխատանքի 3-րդ փուլը կը կատարուի, նշելով, որ Ռամուսէ շրջանը դարձեալ սկսած է կեանքով լեցուիլ: Ան նաեւ նշած է, որ կաշեգործութեան շատ մը հիմնարկներ սկսած են աշխատիլ, ինչպէս նաեւ գործի սկսած է շրջանի մէջ առաջին հաւի միսի պատրաստութեան աշխատանոցը, «Յաջորդ շրջանին, փլատակներու դատարկամ աշխատանքի աւարտին զուգահեռ, ականատես պիտի ըլլանք շատ մը արդիւնաբերողներու վերադարձին».- ըսած է Քայեալի: