Լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ երէկ՝ 11 յունիսին, Հալէպի Մոկամպօ թաղամասին մէջ, 12 տարեկան պատանի մը սպաննուած է:
Ականատեսներու համաձայն, «աղքատ» երեխան փողոցը անցնող մարդոցմէ «իֆթար»ի ճաշ կը խնդրէր: Երբ նոյն խնդրանքով դիմած է մարդոցմէ մէկուն, վեջինս գրպանէն ատրճանակ հանած եւ կրակած է 12 տարեկան տղուն վրայ, որմէ ետք նստելով համար չկրող ինքնաշարժը, փախուստի դիմած է իր ընկերներուն հետ, պզտիկ տղուն ձգելով գետին ինկած արիւնլուայ վիճակի մէջ:
Անցորդներէն մէկը աւելի ուշ մօտեցած է երեխային փորձելով օգնել, սակայն հիւնադանոց չհասած տղան մահացած է :