Հակասական տեղեկութիւններ կը փոխանցուին եգիպտական Air Bus-ը առեւնագողին մասին: Մինչ աւելի վաղ «Ռօյթըրզ»էն առնելով մեր տեղեկութիւնները գրած էինք, թէ առեւանգողը կը կոչուի Իպրահիմ Սըմահա քիչ առաջ Կիպրոսի ԱԳ-ն կը յայտարարէր, որ այս առաւօտ Աղէքսանդրիա- Գահիրէ թռիչք կատարող օդանաւը առեւանգողը կը կոչուի՝ Սայֆ Ալ Տին Մուսթաֆա: Հաղորդուած էր նաեւ, որ Սըմահա Աղէքսանդրիոյ համալսարանի անասնաբուժական բաժնի դասախօս է եւ արարքը կատարած է կիպրական քաղաքացիութիւն ստանալու նպատակով: Այս պահուն յստակ տեղեկութիւններ չկան օդանաւին մէջ եղողներու թիւին մասին եւ Կիպրոսի ԱԳ նախարարութեան հրապարակած անունը շփոթալի վիճակ մը կը ստեղծէ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Մուսթաֆա պահանջած է Եգիպտոսի բանտերուն մէջ եղած կալանաւորներու ազատ արձակումը: