image

Հակասական Տեղեկութիւններ Եգիպտական Air Bus-ը Առեւնագողին Մասին

Հակասական Տեղեկութիւններ  Եգիպտական Air Bus-ը Առեւնագողին Մասին

  Հակասական տեղեկութիւններ կը փոխանցուին       եգիպտական Air Bus-ը  առեւնագողին մասին: Մինչ   աւելի վաղ «Ռօյթըրզ»էն առնելով մեր տեղեկութիւնները գրած էինք, թէ առեւանգողը կը կոչուի Իպրահիմ Սըմահա  քիչ առաջ      Կիպրոսի ԱԳ-ն կը յայտարարէր, որ   այս առաւօտ   Աղէքսանդրիա- Գահիրէ  թռիչք կատարող  օդանաւը առեւանգողը կը կոչուի՝ Սայֆ Ալ Տին Մուսթաֆա:  Հաղորդուած էր նաեւ, որ   Սըմահա   Աղէքսանդրիոյ համալսարանի անասնաբուժական      բաժնի դասախօս է եւ արարքը  կատարած է    կիպրական քաղաքացիութիւն ստանալու   նպատակով:    Այս պահուն      յստակ տեղեկութիւններ չկան  օդանաւին մէջ եղողներու  թիւին մասին եւ   Կիպրոսի ԱԳ նախարարութեան հրապարակած    անունը  շփոթալի վիճակ մը   կը ստեղծէ:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ   Մուսթաֆա     պահանջած է    Եգիպտոսի բանտերուն  մէջ եղած   կալանաւորներու ազատ արձակումը: