1 Յունիսին՝ ժամը 07:30-ի շուրջերը, հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ հարաւարեւելեան (Մարտունի) ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու ժամկէտային զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Սիփան Սերժիկի Մելքոնեանը: Կը տեղեկացեն ՊԲ լրատուական ծառայութենէն։
Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը ատարուի քննութիւն:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: