image

Գուրգէն Եանիքեանի աճիւնները պիտի հանգչին Եռաբլուրի մէջ

Գուրգէն  Եանիքեանի  աճիւնները   պիտի  հանգչին Եռաբլուրի մէջ

 Յառաջիկայ    կիրակի օր 5  մայիսին Եկեղեցական  արարողութեան աւարտին     լեկենտար հայ եւ  ազգային հերոս Գուրգէն Եանիքեանի  աճիւնները պիտի վերաթաղուին   Եռաբլուր- նահատակներու պանթէոնին  մէջ։

Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   «Հայ  ժողովրդային  շարժում»ի երեւանեան գրասենեակէն։  մեր տուեալներով հոգեհանգստեան կարգն ու աճիւններու  օրհնութիւննն ու ապա վերաթաղումը պիտի կատարէ  Մայր Աթոռի  երէց  միաբաններէն  Տ.   Ոսկան  արք. Գալփաքեանը։

 

 Յիշեցնենք, որ   Գուրգէն  Եանիքեանը 27 Յունուար 1973-ին ամերիկեան Սանթա Պարպարա քաղաքին  մէջ   զգետնեց Լոս Անճելոսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսն ու անոր տեղակալը։ 

 

 Եանիքեան դատապարտուեցաւ  ցմահ բանտարկութեան ու բանտին մէջ ութ տարի մնալէ ետք   ազատ  արձակուեցաւ ու ծանր հիւանդութեան պատճառով  իր մահկանացուն  կնքեց   1984 թուականին։

 

 Էրզրումցի  հայորդին կը համարուի  ԱՍԱԼԱ-ի  («Հայաստանի ազատագրութեան  հայ  գաղտնի բանակ»)  հոգեւոր հայրը։