image

Գումբուրդօ գիւղի խնդրով Ֆրանսայի թեմի Առաջնորդը նամակ յղած է Վրաստանի դեսպանին

Գումբուրդօ  գիւղի  խնդրով Ֆրանսայի թեմի  Առաջնորդը նամակ  յղած է  Վրաստանի  դեսպանին

Գումբուրդօ   գիւղին մէջ   պատահած  դէպքերուն վերաբերեալ  խոր մտահոգութիւն յայտնելով  Ֆրանսայի Թեմի Հայոց Առաջնորդ Տ. Վահան Եպս. Յովհաննիսեան   բողոքի    նամակ  մը յղած  է Ֆրանսայի մէջ     Վրաստանի դեսպանին:  Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Փարիզի   հայոց  առաջնորդարանէն:

Ստորեւ   կը  ներկայացնենք     նամակին բովանդակութիւնը:

«Ձերդ Վսեմութիւն, վստահ եղէք որ բոլոր ծագումով հայ ֆրանսացիներն ու եւրոպացիները, որոնց ծառայելու պատիւը ունիմ իմ առաքելութեանս մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց բարեկամները ազդուած են ի տես այս տեսակ արարքներու, Վրաստանի նման եւրոպական երկրի մը մէջ, որ պատմականօրէն քրիստոնեայ եղած է»։