Գումբուրդօ գիւղին մէջ պատահած դէպքերուն վերաբերեալ խոր մտահոգութիւն յայտնելով Ֆրանսայի Թեմի Հայոց Առաջնորդ Տ. Վահան Եպս. Յովհաննիսեան բողոքի նամակ մը յղած է Ֆրանսայի մէջ Վրաստանի դեսպանին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Փարիզի հայոց առաջնորդարանէն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակին բովանդակութիւնը:
«Ձերդ Վսեմութիւն, վստահ եղէք որ բոլոր ծագումով հայ ֆրանսացիներն ու եւրոպացիները, որոնց ծառայելու պատիւը ունիմ իմ առաքելութեանս մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց բարեկամները ազդուած են ի տես այս տեսակ արարքներու, Վրաստանի նման եւրոպական երկրի մը մէջ, որ պատմականօրէն քրիստոնեայ եղած է»։