image

Գրիգոր Շղթայակիր Եւ Գրիգոր Պարոնտէր Պատրիարքները Կրնան Սրբադասուիլ

Գրիգոր Շղթայակիր   Եւ  Գրիգոր Պարոնտէր Պատրիարքները  Կրնան Սրբադասուիլ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը յառաջիկային     պիտի  առաջարակէ     Գրիգոր Շղթայակիր եւ Գրիգոր Պարոնտէր Պատրիարքներու սրբադասումը: Այս մասին  տեղեկութիւնը  կը ստանանք    Պատրիարքութեան  մամլոյ  դիւանին  կողմէ  հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը: Կը նշուի նաեւ, որ  Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած միաբանական  ժողովը   այս առումով ընտրած է   Տ.Շնորհք Աբեղայ Պալոյեանը, որպէս ներկայացուցիչ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գործող    սրբադասման յանձնախումբին մօտ:  Հայր Սուրբը        մօտիկ  ապագային    նիւթեր   պիտի պատրաստէ    երկու վախճանեալ  Պատրիարքներուն սրբադասման վերաբերեալ:  Նշենք, որ  միաբանական  ընդհանուր ժողովի    աւարտին   ժողովին    ատենապետ ընտրուած է    Տ. Բագրատ  Վրդ. Պուրճէքեան  (երկու տարուան ժամկէտով) եւ  փոխ- ատենապետ Տ. Թէոդորս Վրդ. Զաքարեան:  Տ.  Արիս Արք. Շիրվանեան  եւ Տ.  Սամուէլ Ծ.Վրդ. Աղոյեան  եւ Տ.  Աւետիս Վրդ. Իփրաճեան   գաղտնի քուէարկութեամբ եւ ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընտրուած են  կրօնական  տնօրէն  ժողովի անդամներ:  Նշենք, որ  Երուսաղէմի   Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ      կայացած ժողովին Երուսաղէմի     37 միաբաններէն մասնակցած են  24   միաբաններ: