Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը յառաջիկային պիտի առաջարակէ Գրիգոր Շղթայակիր եւ Գրիգոր Պարոնտէր Պատրիարքներու սրբադասումը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը ստանանք Պատրիարքութեան մամլոյ դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը: Կը նշուի նաեւ, որ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած միաբանական ժողովը այս առումով ընտրած է Տ.Շնորհք Աբեղայ Պալոյեանը, որպէս ներկայացուցիչ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գործող սրբադասման յանձնախումբին մօտ: Հայր Սուրբը մօտիկ ապագային նիւթեր պիտի պատրաստէ երկու վախճանեալ Պատրիարքներուն սրբադասման վերաբերեալ: Նշենք, որ միաբանական ընդհանուր ժողովի աւարտին ժողովին ատենապետ ընտրուած է Տ. Բագրատ Վրդ. Պուրճէքեան (երկու տարուան ժամկէտով) եւ փոխ- ատենապետ Տ. Թէոդորս Վրդ. Զաքարեան: Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան եւ Տ. Սամուէլ Ծ.Վրդ. Աղոյեան եւ Տ. Աւետիս Վրդ. Իփրաճեան գաղտնի քուէարկութեամբ եւ ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընտրուած են կրօնական տնօրէն ժողովի անդամներ: Նշենք, որ Երուսաղէմի Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ կայացած ժողովին Երուսաղէմի 37 միաբաններէն մասնակցած են 24 միաբաններ: