Չորեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր, 2017
Արդէն հասաւ Նոյեմբերը։ Այս ամիս Մարգարը կը դառնայ 80 տարեկան։ Կ’ուզենք անպայման նշել զայն։ Հիմա որ յաջողցուցինք Պչաքճեանի ձեռնարկը, կ’անցնինք 80֊ամեակի կազմակերպման։ Բացի հրաւիրեալներու ցանկի պատրաստութենէն եւ հրաւէրի հեռաձայններէն, շատ ընելիք չունինք։ Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ մօտակայ «Ռշտունիք» ճաշարանի հանդիսասրահի մէջ։ Մեր խոհանոցի սեղանին շուրջը նստած կը կազմենք ցանկը։ Ան բաղկացած է մեր համագիւղացիներէն եւ մեր Երեւանեան բարեկամներէն։ Կը ջանանք, որ ցանկը 60֊ի սահմաններուն մէջ մնայ...
Հինգշաբթի, 2 Նոյեմբեր, 2017
Սովորական օր մը։ Այսօր պէտք է վարէին մեր բանջարանոցի հողը, որպէսզի տնկենք սխտորները, սակայն հողը թաց է վերջերս տեղացած անձրեւներէն։ Առիթէն օգտուելով, Մարգարը կ’որոշէ հաւաքել բանջարի (swiss chard) տունկերուն վրայ մնացած փոքր տերեւները, վարող մեքենան զանոնք տակնուվրայ չըրած։ Խթումի սեղանին բանջարը մեր ընտանեկան ծէսերուն մաս կը կազմէ, ուստի առանց գանգատելու կը լուամ մատղաշ տերեւները, որոնք ցեխոտ են եւ փոքր։ Սառցարանս հիմա բաւական բանջարով պարենաւորուած է թէ Սուրբ Ծնունդի եւ թէ ալ Յարութեան տօնի խթումներուն համար։ Այս բանջարատեսակը տակաւին կարելի չէ ձեռք ձգել Հայաստանին մէջ։
Ուրբաթ, 3 Նոյեմբեր, 2017
Տալմա Կարտըն մոլ գացած ենք գնումներու։ Այս անգամ չենք հանդիպիր ոչ մէկ ծանօթ զբօսաշրջիկի։ Հեռաձայն կը ստանանք, որ այսօրուան Ազգ օրաթերթին մէջ Արծուի Բախչինեանի մէկ յօդուածը լոյս տեսած է, որ կ’անդրադառնայ Մովսէս Պչաքճեանի նուիրուած Ուշիի մէջ տեղի ունեցած ցերեկոյթին։ Թէեւ գիտենք, որ կարելի է զայն կարդալ առցանց, կ’որոշենք տպագիր օրինակ մը ձեռք ձգել։ Հոս թերթերը կը ծախուին Արմէն֊Պրէսի յատուկ կրպակներուն մէջ միայն, որոնք տակաւ կը նօսրանան... Փոխանակ Ուշիի ճամբան բռնելու, կը մտնենք քաղաք։ Նախ կը փորձենք Մաշտոցի Պողոտայի վրայ գտնուող կրպակը։ «Սպառած է», կ’ըսէ վաճառորդուհին։ «Գրական Թերթ, ունի՞ք»,֊ կը հարցնեմ։ Կրկին «Սպառած է»,֊ պատասխանը կը ստանամ։ Կը զարմանամ։ Արդեօ՞ք տպագիր թերթ կարդացողներու թիւը համացանցի այս դարուն այսքան մեծ է։ Մեր երկրորդ կայանը Բաղրամեան Պողոտայի կրպակն է։ Այս անգամ Մարգարը կ’իջնէ ինքնաշարժէն։ Կը վերադառնայ «Գրական Թերթ» մը ձեռքին։ «Ազգ»ը սպառած է,֊ կը յայտարարէ։ Ապա կը պատմէ մեծ կատակը։ «Հարցուցի, որ քանի՞ օրինակ «Ազգ» կը ստանան եւ վաճառողուհին ըսաւ, մէկ օրինակ։ Երեք օրինակ ալ Գրական թերթ կը ստանան...»։ Սպառած բառը մեզի համար նոր իմաստ կը ստանայ... Մեր վերջին կանգառը Հալապեան փողոցի կրպակն է։ Մէկ օրինակ «Ազգ» կը յաջողիմ ձեռք ձցել... Չեմ հարցներ, որ քանի օրինակ կը ստանան...
Յօդուածը Պչաքճեանի ցերեկոյթի օրը տեղի ունեցող բացասական երեւոյթի մը մասին է, որը ես չէի արձանագրած։ Ըստ երեւոյթին կան մանր «վաճառականներ», որոնք շնորհահանդէսէ շնորհահանդէս կը պտտին, ձրիաբար ուտելու եւ անվճար գրքեր ձեռք ձգելու, ապա զանոնք վաճառելու համար... Արծուին իր «Հացկատակ գրքագողերի մասին» յօդուածով, կոչ կ’ընէ նման մարդոց հեռու պահելու մեր ձեռնարկներէն...
Հացկատակ բառը շատոնց չէի լսած։ Ըստ բառարանիս, ան կը նշանակէ` անկոչ սեղանակից, պնակալէզ, մակաբոյծ...
Շաբաթ, 4 Նոյեմբեր, 2017
Արեւոտ օր է։ Այս րոպէին մեր այգիի թագուհին թթենին է։ Միւս ծառերը կամ տերեւաթափ են, կամ ալ կորսնցուցած են իրենց գեղեցկութիւնը։ Թթենին դեռ կը յարատեւէ...
Տունէն դուրս չենք ելլեր, սակայն կան սովորական այցելութիւնները։ Սկիզբը կու գայ հարեւան Սոնիկը։ Կաթ բերած է։ Իր կովը յղի չէ, ուրեմն ամբողջ ձմեռը յարատեւ կաթ պիտի ունենայ։ Յղի կով ունեցող մեր այլ հարեւանները պէտք է սպասեն հորթուկի ծնունդին կրկին կաթ ունենալու համար։ Ապա կու գայ Գեղեցիկը։ Այս այցելութիւնները պատճառ կը դառնան որ ընդմիջեմ խոհանոցային գործերս եւ սուրճի նստիմ իրենց հետ։ Կէսօրէն ետք կու գայ Վալդերը։ Վաղը մեր մարզին եւ նաեւ այլ մարզերու մէջ կան ՏԻՄ֊երու ¥տեղական ինքնավարման մարմին¤ ընտրութիւններ։ Վալդերը միշտ նման ընտրութիւններուն պաշտօնի վրայ է։ Այս ընտրութիւնները խոշորացուած համայնքներու ղեկավարներ պիտի ընտրեն։ 10 եզիտիական գիւղեր մէկ համայնք կը դառնան։ Շուրջ նոյն թիւով հայկական գիւղեր եւս կը միանան... Վալդերը եզիտիական գիւղերէն մէկուն մէջ պիտի աշխատի...Համայնքներու խոշորացումը հոս մեծ կասկածամտութեամբ կ’ընդունուի։ Խորհրդային օրերուն եղած են նման փորձեր, որոնք չեն յաջողած...
Երեկոյեան մեզի կ’այցելեն հարեւաններ` Արտաշն ու Սուսանը։ Մեր խօսակցութեան առանցքը մեր թոռներն են։ Իրենք իրենց նորածին թոռնուհիին` Արեւիկին նկարները ցոյց կու տան, մենք ալ մեր չորս թոռներուն վերջին նկարները։ Իրենց թոռնուհին միայն 70 քիլոմեթր հեռու է իսկ մերինները հազարաւոր քիլոմեթրեր...Իսկական պապիկ֊տատիկներու հանդիպում...
Այսօր համացանցին վրայ կը տեսնեմ Տէր Զօրի Ցեղասպանութեան Զոհերու յիշատակին նուիրուած համալիրի առաջին նկարները, քաղաքի սուրիական բանակին կողմէ ազատագրուելէն ի վեր։ Եղած ենք այս եկեղեցւոյ մէջ։ Նկարները ցնցիչ են։ Ան հիմնայատակ քանդուած է։ Կ’ըսեն, որ պայթեցուած է...
Կիրակի, 5 Նոյեմբեր, 2017
Կը վախնամ նոյնիսկ թուղթին յանձնելէ, սակայն անցկութեամբ կը սպասեմ մեծ տղուս` Յովիկին եւ կնոջ` Դալարին այցելութեանը շաբաթէ մը, ներկայ ըլլալու Մարգարի 80֊ամեակի նշումին։ Այս այցելութիւնը անակնկալ է Մարգարին համար։ Փոքր տղաս` Վազրիկը եւ կինը` Գայանէն եւս կ’աշխատին միանալ իրենց, թէեւ Վազրիկի աշխատանքի բերումով կան խոչընդոտներ։ Անոնք կարճ ժամանակով պիտի գան, ուստի կը ջանամ խոհանոցային գործերս կարգի դնել առաւելագոյն ժամանակ անցընելու համար իրենց հետ։ Իրենց սիրած ճաշերը կիսապատրաստ վիճակի մէջ կը սառեցնեմ, եւայլն։ Ցարդ Մարգարը որեւէ կասկած չունի, որ տղաները կրնան ներկայ ըլլալ, թէեւ ատենը մէյ մը կը խօսի անոնց բացակայութեան մասին եւ կը նշէ, որ իր տարեդարձի լաւագոյն նուէրը անոնց ներկայութիւնը պիտի ըլլար... Գաղտնիքներ պահելու մէջ շատ տկար եմ։ Ամիսէ մը ի վեր փոքր եւ մեծ սուտեր կը յօրինեմ Մարգարէն գաղտնի պահելու համար այս անակնկալը։
Երկուշաբթի, 6 Նոյեմբեր, 2017
Այսօր վերջապէս եղանակը կ’արտօնէ, որ մեր համագիւղացի Ամատունը վարէ մեր բանջարանոցը։ Մարգարին կը մնայ վարած հողը ակօսներու վերածելու գործը։ Ամատունի վարող մեքենան, ակօսներ բանալու սարք չունի...
Վարորդ Հրայրի մայրը` Անահիտը եւ քոյրը` Անին, ընկերուհիս Հիլտային եւ ինծի սուրճի հրաւիրած են։ Կէսօրէն ետք կ’երթանք իրենց Աշտարակի առանձնատունը։ Գարնանը, անոնք ամբողջութեամբ նորոգեցին այս տունը։ Իմ առաջին այցելութիւնս է։ Հաճելի տաքուկ տուն շինած են...
Անին Երեւանի բարձրակարգ ճաշարաններէն մէկուն մէջ խոհարար է, ուստի գեղեցիկ եւ համեղ անուշեղէններ պատրաստած է... Կը նստինք իրենց հիւրասենեակին մէջ, սուրճ կը խմենք եւ կը շաղակրատենք... Երբ ոտքի կ’ելլենք տուն վերադառնալու, կը պնդեն, որ ճաշի ժամն է եւ իրենց հետ պէտք է ճաշի նստիլ։ Գործէն կը վերադառնան Հրայրի հայրը` Մարատը, եղբայրը` Համլէթը եւ Հրայրը։ Կնոջական հաւաքը կը դառնայ ընտանեկան ճաշկերոյթ... Կը հեռաձայնեմ Մարգարին, որ պիտի ուշանանք... Ձերմ եւ անմիջական այս ընտանիքը, որուն համատեղ ջանքերով եւ միասնական մտածելակերպով, իրենց ապրելու պայմանները օր ըստ օրէ կը բարելաւուին, կը յուսադրեն մեզ։ «Երկիր»էն անդադար գանգատողները նման օրինակերը կ’անտեսեն եւ կը փորձեն առանց նախաձեռնութեան եւ անտրտունջ աշխատանքի հեշտ ու բարօր կեանք ապրիլ...
Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր, 2017
Երեւան հասած են այս այս տարի արդէն երրորդ անգամ ըլլալով Լոս Անճելեսցի Յովսեփն ու Ռիդան։ Կրկին արտասահմանցի հիւրեր ունինք։ Զբօսաշրջիկային եղանակը տարուէ տարի կ’ընդլայնուի։ Մեր արտասահմանեան այցելուները սկսան ժամանել Ապրիլի սկիզբը։ Նոյեմբերին դեռ կը շարունակուի այս հոսքը։ Ոչ փաստացի տուեալներով եւ անձնական տպաւորութեամբ միայն, այս տարի այցելուները աննախադէպ էին...
Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր, 2017
Այս առաւօտ կ’իմանամ որ գործի բերումով մեր տղան Վազրիկը եւ կինը Գայանէն պիտի չկարենան գալ։ Վազրիկը այլ տեղ պէտք է ճամբորդէ յաճախորդի մը հանդիպելու համար։ Իտեալական վիճակ գոյութիւն չունի։ Ամէնէն ուրախ առիթներն իսկ կատարեալ չեն կրնար ըլլալ...
Յովսէփը եւ Ռիթան կու գան այցելութեան եւ միասին ձուկ ուտելու կ’երթանք ձորին յարող «Նաւոյի» ճաշարանը։ Յովսէփը իր անհատնում ծրագիրներով եւ կեանքի հանդէպ գերաշխոյժ կեցուածքով կը բարձրացնէ մեր տրամադրութիւնները։
Երեկոյեան կը ստանամ հեռաձայն մը Վազրիկէն։ Կ’ուզէ անպայման ներկայ ըլլալ հօրը 80֊ամեակին։ Կը խնդրէ, որ երկու օրով յետաձգենք նշումը, որը կարելիութիւն պիտի տայ իրեն քանի մը օրով մեր մօտ գալու։ Այլեւս անակնկալ ընել կարելի չէ։ Պէտք է Մարգարին հետ խորհրդակցիլ թուականի փոփոխութեան մասին։ Համաձայնելու պարագային կրկին պէտք է հեռաձայնէ հրաւիրեալներուն... Երբ կը դիմեմ իրեն, նախ կ’այլայլի ապա դէմքի կնճիռները կ’անհետանան եւ պայծառ ժպիտ մը կը տիրէ դէմքին վրայ։ Անմիջապէս կը դիմենք սրահին վստահ ըլլալու համար, որ Նոյեմբեր 17֊ին զբաղուած չէ, ապա կը հեռաձայնեմ Վազրիկին, որ ընէ հարկ եղած կարգադրութիւնները։
Մարգարը կրկին եւ կրկին անգամ կը հարցնէ, որ մեր մեծ տղան Յովիկը պիտի չկարենա՞յ գալ։ Կրկին եւ կրկին անգամ սուտ կը խօսիմ եւ կը վստահեցնեմ, որ լուր չունիմ, թէեւ Յովիկին եւ կնոջ Դալարին այցելութիւնը ամիս մըն է ապահովուած է...
Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր, 2017
Անձրեւ եւ խիտ մշուշ... Աշունը սկսաւ խորանալ...Առաւօտեան ութին դեռ մութ է..
Մեր տղան Վազրիկը եւ հարս Գայանէն ըրած են պէտք եղած կարգադրութիւնները եւ չորս օրով պիտի կարենան միանալ մեզի։ Հիանալի է...
Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր, 2017
Վաղը Յովիկը եւ Դալարը կը հասնին Երեւան։ Գաղտագողի կը պատրաստեմ իրենց ննջասենեակը։ Մարգարը տակաւին անտեղեակ է իրենց ժամանումէն։
Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր, 2017
Օրուան գլխաւոր ճաշը կէսօրին կ’ուտենք, ուստի երեկոյեան ճաշի պատրաստութեամբ կասկածներ չյարուցանելու համար, կ’որոշենք ընթրիքը Հիլտայի մօտ ուտել։ Վալդերը երեկոյեան կ’երթայ օդակայան, Մարգարին ինքնաշարժը փոխ առնելու համար քանի մը սուտ գլորելով...
Ըստ սովորութեան նստած ենք մեր խոհանոցի սեղանին շուրջ, Մարգարը գիրք մը կը կարդայ իսկ ես թոռներուս համար բաճկոններ հիւսելով զբաղած եմ, երբ կը բացուի դուռը եւ ներս կը մտնեն Յովիկն ու Դալարը։ Ոտքի կ’ելլեմ դիմաւորելու զիրենք։ Մարգարը կը մնայ նստած եւ ապշահար։ Դէմքին վրայ արտայայտութիւն չկայ...Քանի մը վարկեան կը պահանջուի, որ ընբռնէ իրողութիւնը։ Յովիկը եւ Դալարը իր մօտ կու գան ողջագուրուելու, որովհետեւ չի յաջողիր ոտքի ելլել։ «Ոտքերս կթոտեցան»,֊ կը բացատրէ աւելի ուշ։ Դէմքը քիչ քիչ կը պայծառանայ եւ կրկին ու կրկին կը զարմանայ, որ կրցած եմ գաղտնիք պահել իրմէ... Կ’անցնինք Հիլտային տունը եւ Յովիկին սիրած դդումով ճաշին շուրջ բարձր տրամադրութեամբ կը ճրուողենք։
Կիրակի, 12 Նոյեմբեր, 2017
Տալմա Կարտըն Մոլ կ’երթանք, բոլորով։ Յովիկը եւ Դալարը գնումներ կ’ընեն իրենց երախաներուն համար։ Դալարը եւ Յովիկը առաջին անգամ է, որ կը բաժնուին իրենց զաւաներէն։ Միշտ կապի մէջ են Թորոնթոյի հետ։ Աղջիկները` Դուինն ու Տաթեւը հեռաձայնի պաստառին վրայ իրենց մայրն ու հայրը տետսնելով կը խանդավառուին։ Անդադար կը հասնին անոնց նկարները, ուտելու, խաղալու, լոքնալու թէ այլ պահերու, որոնք մեծ հտաքրքրութեամբ կը դիտեն...
Կէսօրէն ետք կ’երթանք «Հին Աշտարակ» ճաշարանը։ Յովիկին եւ Դալարին առաջին այցելութիւնն է։ Իրենց համար ալ անակնկալ է, որ մարզերուն մէջ սկսած է ճաշատեսակի այլազանութիւնը...
Երեկոյեան անշրջանցելի բարի եկարի հաւաքն է։ Մեր հարեւանները կու գան Յովիկին եւ Դալարին բարի գալուստ մաղթելու։ Կոնիակի շիշերը մէջտեղ կ’ելլեն եւ կենացները կը յաջորդեն իրարու...
Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբեր, 2017
Այսօր Յովիկը եւ Դալարը Երեւան կ’իջնեն։ Եղանակը իսկապէս հիանալի է։ Իսկական քալելով Երեւանեան մթնոլորտը ըմբոշխնելու եղանակ է։ Կ’ուզեն հանդիպիլ հոս հաստատուած եւ կամ այցելութեամբ հոս գտնուող իրենց ընկերներուն եւ միասին արձակուրդային մթնոլորտ վայելել...
Կէսօրէն ետք, անակնկալ կերպով մեզի կ’այցելեն Պոլիսէն քանի մը օրով այցելութեան եկած մեր բարեկամները։ Ինչպէս միշտ, մտերմիկ եւ ջերմ ժամանակ կ’անցընենք...
Երեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր, 2017
Յովիկը եւ Դալարը տակաւին Երեւան են։ Յաճախ կապ կը պահեն մեզի հետ եւ կը պատմեն իրենց առօրեայէն։ Կապ հաստատած են հոս եղող իրենց ընկերներուն եւ բարեկամներուն հետ եւ նոր անկիւններ կը բացայայտեն Երեւանի մէջ... Կը պատմեն, որ բացուած է նոր «Մոլ» մը եւս Rio անունով։ Եղած են «Լաւաշ» ճաշարանը եւ ղաբամա կերած...
Վերջապէս հայկական անունով ճաշարան մը կը մտածեմ...
Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր, 2017
Մարգարը այսօր հարցազրոյց մը ունի «Վէմ» Րատիոյին հետ, Մովսէս Պչաքճեանի մասին, Վահագնի եւ Մերուժան Տէր Գուլանեանի մասնակցութեամբ։ Յովիկն ու Դալարը տակաւին Երեւան են։ Մարգարը կ’երթայ իր հարցազրոյցին, իսկ ես , Յովիկը եւ Դալարը կ’երթանք «Դիձիանօ» ճաշարանը նախաճաշի։ Զարմանալի է, ամէն անգամ, որ այցելու մը, մանաւանդ մերիիները բան մը հաւնին, շուկայ, ճաշարան, զբօսավայր թէ խանութ, մեծ հպարտութիւն կը զգամ, կարծես թէ ես եմ պատասխանատուն այս առաջնակարգ հաստատութիւններուն։ Կ’ուզեմ, որ մեր Հայրենիքը աշխարհը տեսած մարդոց կողմէ գնահատուի որպէս առաջնակարգ... Թորոնթոյի հայ երիտասարդները, իրենց առօրեային մաս դարձուցած են Հայաստանի մասին տեղեկութիւններ փոխանակելը եւ յիշարժան վայրերուն մասին արձագանգելը։
Նախաճաշէն ետք կը քալենք Երեւանի փողոցներով, քիչ մը յանձնարարուած մանկական խանութները կը մտնենք ապա կը հանգրուանենք «Լուի Շարտէն» սրճարանը, ուր մեզի կը միանայ Մարգարը։ Ափսոս, որ հաստատութիւններուն մեծամասնութիւնը, ըլլան անոնք ճաշարան թէ խանութ, օտար անուններ ունին...
Կ’որոշենք ճաշի Յովիկենց նոր յայտնաբերած գարեջրատունը երթալ։ Անունը «Targett» է։ Օտար անուն մը եւս կը մտածեմ, մինչեւ որ սպասեակը կը բացատրէ, որ «Դառգետ», այսինքն դառը գետ... Երեւի գարեջուրը նկատի ունին... Hamburger ուտելու տեղ է։ Տարածքը մեծ է եւ յաճախորդութիւնը բազմաթիւ... Զբօսաշրջիկային եղանակը փակուած է։ Ուրեմն տեղացիներն ալ լուր օրով սկսած են ճաշարաններ յաճախել...
Արեւոտ եւ տաքուկ օրով կը վերադառնանք Ուշի։ Մարգարին բուն տարեդարձի օրը այսօր է, հակառակ որ երկու օր վերջ պիտի նշենք։ Անմիջական հարեւաններով, անպատրաստից, փիցցայի հաւաք կը կազմակերպենք... Մեր հարեւանները տարեդարձի թխուածք մըն ալ բերած են հաւաքը դարձնելով տօնական։ Կարծես այս հաւաքը նախատօնակ պէտք է անուանել...
Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր, 2017
Յովիկին եւ Դալարին հետ անգամ մը եւս Տալմա Կարտըն Մոլ կ’երթանք։ Իրենց սիրած շուկան է։ Մեզի համար կարեւորը միասին ժամանակ անցընելն է։ Գիտենք, որ շատ կարճ է ժամանակը... Ամէն րոպէն լաւագոյնս օգտագործելու փափաք ունինք... Երեկոյեան անցեալ շաբաթ պատրաստուած եւ սառեցուած «Մանթը»ին շուրջ կը բոլորուինք։ Թէ Յովիկը եւ թէ Դալարը շատ կը սիրեն այս ճաշատեսակը...
Ուրբաթ, 17 Նոյեմբեր, 2017
Առաւօտուն շատ կանուխ Վալդերը օդակայան կ’երթայ Վազրիկը եւ Գայանէն բերելու։ Անոնք ճիշտ ժամանակին կը հասնին, սակայն Գայանէի ճամպրուկը չի հասնիր... Այս ճամպրուկին մէջ են, այս գիշերուան տօնակատարութեան համար նախատեսուած ութսունամեակի զարդարանքներ, ինչպէս նաեւ Գայանէի հագուստները։ Նախաճաշէն ետք, հարսերս Գայանէն եւ Դալարը կը փութան շուկայ, Գայանէին հագուստ, կօշիկ, գուլպայ եւ այլ իրեր գնելու, այս գիշերուան համար... Կարեւորը այն է, որ իրենք հասան ժամանակին։ Մնացեալը կրնանք հարթել առանց դժուարութեան... Չենք ուզեր, որ այս խոչընդոտը ստուերէ իրենց հոս հասնելու ուրախ առիթը։
Երեկոյեան կ’երթանք «Ռշտունիք» հանդիսասրահը։ Սեղանները արդէն պատրաստ են։ Կը տեղաւորենք ծաղիկները ապա կէսօրէն ետք, «Gourmet Dourme» շոքոլայի գործարանատէրեր, Պաղտատեան եղբայրներու բերած նուէրը, կը բաժնենք բոլոր պնակներոն մէջ։ Մարգարի նկարով, 80֊ամեակի նշոմուվ եւ Մարգարի քառեակներէն մէկուն մակագրութեամբ այս շոքոլաները շատ գեղեցիկ են։
«Հայաստանն է քո ապագան, իմացիր,
Օտար հողը քեզի երբեք չի խօսիր,
Ուր ալ երթաս, որ երկիրն ալ թափառիս,
Հայրենիքիդ կարօտովը պիտ’ մեռնիս։»
քառեակը ընտրած են։ Ան շատ լաւ կերպով կ’արտացոլացնէ Մարգարի աշխարահայեացքը։
Եօթանասունի շուրջ հիւրերը, կը հասնին շուտով։ Անոնք իսկապէս այլազան են։ Մեր համագիւղացիներուն կողքին կան մտաւորականներ, երաժիշտներ, բանասէրներ, բժիշկներ, նախկին սփիիւռքահայեր։Վալտերը յաջողած է համոզել ինծի, որ կենդանի երաժշտութիւն ունենանք, վստահեցնելով, որ այս երգիչը սովորականէն լաւ է եւ յուսախաբ պիտի չընէ մեզ։ Պէտք է ըսել, որ վատ չէ։
Ներկայ են նաեւ Գուսան Հայկազունը եւ կինը Արմիէնէն։ Գուսանը քանի մը անգամ կ’երգէ իր հեղինակային երգերէն, խանդավառելով բոլորին։ Օրուան թամատան Վահագն Սարգսեանն է։ Ան իսկապէս հմուտ կերպով կը վարէ հաւաքը եւ խօսք առնել ուզողնեուն ալ առիթ կու տայ...
Այս առթիւ, որպէս անակնակալ, կէս կատակ ոտանաւոր մը գրած եմ, որ կը կարդամ բոլորին։ Ան առաջին դէմքով գրուած է, որպէս աղօթք առ Աստուած, որ կը թուէ Մարգարի կեանքի բարիքները եւ յաջորդ տարիներու ծրագիրները։ Ընդհանրապէս բանաստեղծութիւնը իմ գործս չէ, բայց ան լաւ կ’ընդունուի ներկաներուն կողմէ։
Ճիշտ այսօր հարս Գայանէին ալ տարեդարձն է։ Ուստի թխուածք մըն ալ իրեն համար առած ենք։ Մեր հարեւանները ներքին հրավառութիւն ալ կազմակերպած են։ Մարգարը եւ Գայանէն կը մարեն իրենց թխուածքներուն մոմերը եւ կը վերադառնանք երգ ու պարի։
Երեկոն կ’անցնի ըստ մեր ակնկալութեան։ Մարգարը իսկապէս ուրախ է եւ իր տղաներով հպարտ։
Շաբաթ, 18 Նոյեմբեր, 2017
Այսօր առիթը պիտի ունենանք ընտանքով ընթրելու։ Ճաշարանը «Wine Republic» կը կոչուի։ Յովիկը եւ Դալարը արդէն անգամ մը ընթրած են հոս եւ շատ լաւ տպաւորուած։ Մենք հոս ապրողներս աւելի քիչ բան գիտենք Երեւանի ծակ ու ծուկին մասին քան հոս հետեւողաբար այցելող երիտասարդները, որոնք ընկերային ցանցերու միջոցաւ կը բաժնեն իրենց փորձառութիւնները միմիանց հետ։ Այս հետաքրքրութիւնը մեր մայրաքաղաքին հանդէպ, նոյնիսկ եթէ մշակութային չէ տակաւին, կը գնահատենք։ Հոգ չէ թէ ինչո՞ւ կը սիրեն Երեւանը, որքան ատեն, որ կ’անդրադառնան անոր միջազգային տարողութեամբ արդիական քաղաք մը ըլլալուն։
Ճաշարանը յուսախաբ չ’ըներ մեզ։ Մթնոլորտը, համադամ ճաշերը, մատուցման եղանակը, բոլորն ալ կը նպաստեն, որ ընտանիքով ջերմ ու գոհունակ ժամանակ անցընենք։ Սուրճի համար կ’անցնինք դիմացի մայթը, «Grean Bean» թէյարանը։ Հոս ալ առաջնակարգ մթնոլորտ եւ մատուցում կայ։ Հակառակ, որ տակաւին օրէնքով ծխելը չէ արգիլուած նման հասարակական վայրերու մէջ, այս երկու հաստատութիւններուն մէջ ալ ծխելը արգիլուած է...
Վազրիկը եւ Գայանէն Երեւան կը մնան։ Մենք կը վերադառնանք տուն։ Վաղը Յովիկն ու Դալարը կը վերադառնան Թորոնթօ։
Կիրակի, 19 Նոյեմբեր, 2017
Արաւօտուն Յովիկը եւ Դալարը հրաժեշտ կ’առնեն մեզմէ։ Հրաժեշտները հաճելի չեն, բայց ուրախ ենք, որ այս քանի մը օրը միասին անցուցինք։ Տակաւին այսօր եւ վաղը Վազրիկը եւ Գայանէն հոս են։ Անոնց երթալէն վերջ է, որ բոլորին բացակայութիւնը իր ամբողջ տարողութեամբ պիտի զգանք...
Գայանէին ճամպրուկը հասած է։ Վալդերը օդանաւակայանէն վերադարձին հպարտութեամբ կը ցուցադրէ զայն։ Թէեւ միայն մէկ օր մնաց իրենց վերադարձին, գոնէ ճամպրուկը հետերնին կը տանին։
Կէսօրէն ետք, Գայանէն եւ Վազրիկը կը վերադառնան Երեւանէն։ Վազրիկը յաջողած է համացանցի միջոցաւ Երեւանի մէջ Nespresso ապրանքանիշի սուրճ պատրաստող մեքենայ ճարել... Թորոնթոյի մէջ հաճոյքով կը խմէինք այս սուրճը, սակայն մտքերնէս իսկ չէր անցներ, որ հոս ալ կարելի է գնել զայն։ Մարգարը շատ գոհ է այս նուէրէն։ Քանի մը շաբթուան համար յատուկ սուրճի փոքրիկ տարբեր համերու պարկուճներ ալ ձեռք ձգած են։ Մատակարարողի հասցէն կ’արձանագրենք։
Այսօր ճաշի սեղանին շուրջ արդէն Յովիկն ու Դալարը չկան...
Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր, 2017
Վազրիկին եւ Գայանէին վերջին օրն է Հայաստանի մէջ։ Այն չորս օրերը որ պիտի անցնեն հոս կ’ուզեն լաւագոյնս օգտագործել։ Մեզի համար գոհունակութեան մեծ աղբիւր է մեր զաւակներուն եւ հարսերուն ցոյց տուած խանդավառութիւնը մեր երկրի հանդէպ։ Քաղաք կ’իջնեն վերջին քանի մը գնումներ իրականացնելու եւ ընկերական իրենց ցանցին կողմէ յանձնարարուած սրճարան ու ճաշարան փորձելու... Կը համաձայնինք իրարու հանդիպիլ Տալմա Կարտըն Մոլի մէջ... Գայանէն եւ Վազրիկը արդէն ճաշած են «Դառգետ» գարեջրատանը, բայց Boulangerie De Paris֊ի նուշով
croisant֊ներուն հանդէպ տկարութիւն ունին։ Կը պնդեն, որ փարիզի մէջ իսկ անոնք այսքան համով չեն...
Կը մտադրէինք երեկոյեան Աշտարակի «Հին Աշտարակ» ճաշարանը երթալ, սակայն մեր ժամանակացոյցը չխճողելու համար, կ’անցնինք ճամպրուկներու պատրաստութեան։ Վաղը առաւօտ շատ կանուխ ճամբայ պիտի ելլեն...
Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր, 2017
Այսօր Վազրիկը եւ Գայանէն ալ վերադաձան Թորոնթօ։ Կեանքը դանդաղ պիտի վերադառնայ իր հունին։ Անցեալ 10 օրերը գողտրիկ երազի մը նման արագ անցան...
Քանի մը օր է լաւ չէի զգար, բայց ամէն գնով կը ջանայի անտեսել այդ իրողութիւնը, զաւակներուս եւ հարսերուս հետ ժամանակ անցընելու համար։ Այսօր արդէն տեղի կու տամ։ Բժիշկ Սաբրոն կ’ըսէ, որ «վիրուս» մըն է, որուն միակ դեղատոմսը ժամանակն է ...
Այսօր շնորհակալական ուղերձներ կը ղրկենք մեր խնամիներուն, որոնք համաձայնած էին մեր թոռները խնամել, կարելի դարձնելով մեր տղաներուն եւ հարսերուն այս հապճեպ այցը։
Չորեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր, 2017
Կարծես պատուերով, մեր տղոց եւ հարսերուն հոս եղած ժամանակ եղանակը արեւոտ եւ տաքուկ էր։ Այսօր տեղաց առաջին ձիւնը։ Երկար չձիւնեց եւ շուտով հալեցաւ։ Մեր համագիւղացիները շատ գոհ են, որ այս տարի ցուրտ եղանակը ուշացաւ։ Բաւական վառելափայտ խնայեցին։ Այսօր, սակայն, բուխերիկներէն տեսանելի է գուլայ գուլայ բարձրացող ծուխը...
Մարգարը դժգոհ է, որ տակաւին չէ կրցած ցանել սխտորները։ Կ’ափսոսայ, որ միայն հինգ թումբ ցանած է, մինչդեռ ծրագրած էր 15 թումբ ցանել։ Կը խորհինք, որ տակաւին առիթը պիտի ըլլայ ամբողջացնելու իր ծրագիրը։
Հինգշաբթի, 23 Նոյեմբեր, 2017
Այսօր Ամերիկայի մէջ Գոհաբանութեան օրն է։ Մարդիկ երկար քիլոմեթրեր կը ճամբորդեն` ընտանիքով միասնաբար հնդկահաւ ուտելու եւ Աստուծոյ փառք տալու անցեալ տարուան ընթացքին իրենց շնորհուած բարիքներուն համար։ Այլեւս աւանդական դարձած է նաեւ այս օրը Լոս Անճելեսի մէջ «Թելեթոն» մը կազմակերպել եւ Հայաստան համահայկան հիմնադրամի համար դրամահաւաք ընել։ Հայաստանը 12 ժամով աւելի առաջ է Գալիֆորնիայէն, ուստի այս հեռասփռումը մեր մօտ կը սկսի ուշ գիշերին։ Անդադրում հազը, որ արգելք կը դառնայ, որ գիշերները հանգիստ քնանամ, պատճառ կը դառնայ, որ կէս գիշերին ապա առաւօտեան փոքր ժամերուն հետեւիմ սփռուող «թելեթոն»ին։ Այս տարուան նշանաբան ընտրուած է «Բերքառատ Արցախ»։ Գոյացած գումարները պիտի տրամադրուին ոռոգման կաթիլային համակարգի ստեղծման եւ արեւային ոյժանիւթի անցման։ Այս հեռարձակման ամէնէն հետաքրքրական մասերը ինծի համար, կոչերէն եւ ուղերձներէն անդին, անցեալ տարիներուն կեանքի կոչուած ծրագիրներու մասին փաստագրական տեսերիզներն են։
Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր, 2017
Այս առաւօտ կը յայտարարուի դրամահաւաքի արդիւնքը, 12.5 միլիոն տոլար։ Անցեալ տարուանէն աւելի նուազ է գումարը։ Կ’ենթադրեմ, անցեալ տարուան քառօրեայ պատերազմէն ետք մեր հայրնակիցները աւելի առատաձեռն եղան... Միշտ դժբախտութիւններն են, որ կը համախմբեն մեզ։ Համաշխարհային տարողութեամբ հայութեան ներդրումը այս նախաձեռնութեան, իրապէս չնչին է...
Կը կարդամ քանի մը վերլուծում այս ուղղութեամբ, սակայն համոզիչ արդարացում չեմ գտներ։
Այօրուան լրահոսին տիրապետող լուրը Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ֊ՀՀ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրումն է։ Մինչեւ վերջին րոպէն, կասկածամիտներու եւ տարակուսողներու ձայները չդադրեցան... Հիմա, որ արդէն ստորագրուած է, այս ձայները վերափոխուեցան, «ստորագրուեցաւ բայց դժուար թէ կեանքի կոչուի» բացատրութեան։ Պաշտօնապէս, եղան խիզախ քաղաքական գործիչներ, որոնք տարակուսողներու շարքին էին, սակայն ողջունեցին այս համաձայնութիւնը...
Ամերիկայի մէջ, Գոհաբանական օրուան յաջորդող Ուրբաթը կը կոչուի Սեւ Ուրբաթ եւ անպաշտօն կերպով սկիզբն է Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան գնումներուն։ Նոյնիսկ հարեւան Գանատայի մէջ ան նոյն տարողութեամբ չի նշուիր, սակայն Երեւանի մէջ արդէն ընդօրինակուած է... Ընկերուհիս Հիլտան կ’ըսէ, որ այսօր Տալմա Կարտըն Մոլը ասեղ ձգելիք տեղ չկար եւ խանութները յագեցած էին յաճախորդներով...
Կիրակի, 26 Նոյեմբեր, 2017
Այսօր պայմանաւորուած էինք, որ Յովսէփի եւ Ռիթայի հետ, Աշտարակի ճաշարաններէն մէկը ձուկ ուտելու երթանք, սակայն տակաւին առողջութիւնս չի ներեր որ տունէն դուրս ելլեմ։ Ընկերուհիս Հիլտայի մօտ, ճաշէն ետք, կը միանանք իրենց սուրճ խմելու։ Կը ծանօթանանք հալէպահայ այժմ երեւանաբնակ Յակոբին եւ Սոնային, որ իրենց հետ եկած են։ Սոնան լսելով որ ծնունդով Հասըրճեան եմ, կ’անդրադառնայ, որ եղբօրս Լեւոնի դասընկերուհին եղած է... Աշխարհը իրապէս ամէն օր աւելի կը փոքրանայ...
Այս ընտանիքի պատմութիւնը եւս անորոշութեան մէջ պարուրուած է։ Իրենց մէկ հատիկ աղջկան ամուսինը Հալէպի մէջ անյայտ կորած է... Աղջիկը իր երեք զաւակներով Գանատա հասած է... Հակառակ, որ պիտի նախընտրէին մնալ հոս, պարտաւորութիւնը կը զգան իրենց զաւկին եւ թոռներուն նեցուկ կանգնելու համար նոյն տեղը ապրիլ... Պատկերազարդ պատմութիւն հայոց։
Երեքշաբթի, 28 Նոյեմբեր, 2017
Այսօր ալ իմ տարեդարձս է։ Թորոնթոյի մէջ յաճախ աննկատ կ’անցնէր։ Հոս պարագան բոլորովին տարբեր է։ Երէկ գիշերուանէն սկսան շնորհաւորական հեռաձայնները, Դիլիճանէն, Երեւանէն, Պռոշեանէն, Թորոնթոյէն եւ մանաւանդ Ուշիի մեր հարեւաններէն։ Կան ել֊նամակներ, վարդեր, թխուածք...
Նշումը կը յետաձգենք երկու պատճառով,֊ նախ ես տակաւին չեմ ապաքինած, երկրորդ, այսօր, մեր գիւղին մէջ, հարեւան Արտաշի յանկարծամահ վաթսունամեայ հօրեղբօր թաղումն էր...
Երեկոյեան շիշ մը կոնիակի շուրջ կը հաւաքուինք Վալդերի ընտանիքին հետ ու տարեդարձիս առիթով կենացներ կը խմենք...
Հինգշաբթի,30 Նոյեմբեր, 2017
Նոյեմբերը բոլորեցինք։ Այսօր մշուշոտ է եւ թաց։ Տակաւին այս անպետ «վիրուս»ի իշխանութեան տակ եմ։ Կը ջանամ տունէն դուրս չելլել եւ կարելի եղածին չափ արագ թօթափել անոր տհաճ ախտանշանները։ Կը փորձեմ բոլոր տնական բուժումները,֊ խորոված սերկեվիլ, քերուած կոճապղպեղ (ginger) եւ մեղր, չիչխանի հիւթ (holly), մասորի թուրմ (rose hip), կաթով սոտա եւ մեղր, եւայլն...Կ’եզրակացնեմ, որ բժիշկ Սաբրոյի դեղամիջոցը` ժամանակը, միակ դարմանն է...
Երեկոյեան այցելութեան կու գայ հարեւան Վաչիկը։ Մայիսին խոպան գացած էր հիւսիսային Ռուսաստան եւ երէկ վերադարձած է։ Տժգոյն է եւ անտրամադիր։ Դժբախտաբար քանի մը ղրուշ շահելով իր պարտքերը փակելու ծրագիրները չեն իրականացած... Կ’երդնու, որ անգամ մըն ալ խոպան պիտի չերթայ... Գործատէրերը նախկին սպիտակցի հայեր եղած են, որոնք իրենց խոստումները չեն յարգած։ Աշխատանքի ամբողջացումէն ետք, երկու ամիս վճարում սպասելէ ետք, որոշած է վերադառնալ... Նման պատմութիւնները հազուադէպ չեն։ Անխիղճ մարդիկ ամէնուրեք են...
Էլիզ Շարապխանեան
Ուշի